«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չարտօնեն Խորհրդային Միութիւնը Վերստեղծել» Կ՛ըսէ Քլինթըն
«Վրեմիա»` յղում կատարելով «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները մտադիր են խոչընդոտել Խորհրդային Միութեան նոր տարբերակի` տնտեսական համարկման տեսքով ստեղծումը:
Քլինթըն նշած է, որ նոր Խորհրդային Միութիւնը կրնայ ստեղծուիլ Մաքսային միութիւն կամ Եւրասիական միութիւն անուանումով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ըսած է, որ ռուսական իշխանութիւնները այդ նախագիծին կ՛աջակցին` դրացիներու հետ տնտեսական կապերու խորացման նպատակով:
«Եկէք սխալներ չգործենք: Մենք գիտենք` ատոր նպատակը ինչ է, եւ պիտի փորձենք գտնել արդիւնաւէտ միջոցներ` այդ հոլովոյթը դանդաղեցնելու կամ կանխարգիլելու համար», ըսած է ան:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Քլինթըն խօսած է համարկման մասին, որ աջակցութիւն ստացած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի սկիզբը Փութին հրապարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ անդրադարձած էր Եւրասիոյ համար համարկման այդ նախագիծին:
Փութին նշած էր, որ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի մասնակցութեամբ Մաքսային միութիւնը եւ միացեալ տնտեսական տարածքի ստեղծումը ապագային կրնան Եւրասիական միութեան ստեղծման հիմք հանդիսանալ:


