ՀՅԴ 122-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 122-ամեակի հանդիսութիւն:

Ներկայութեամբ գիւղի հոգեւոր պետերուն, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան, հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ ծաղկեպսակի զետեղումով` կեդրոնի շրջափակին մէջ կանգնած այնճարցի դաշնակցական նահատակներու յուշակոթողին կից: Ապա օրուան յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ յաջորդականութեամբ:

Խաժակ Հերկելեան

Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Խաժակ Հերկելեան, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց հայ գրականութեան պայքարի երգիչներէն Սիամանթոյի հետեւեալ նախադասութեամբ. «Միայն գաղափարն է, որ ո՛չ մահ ունի, ո՛չ դատաւոր, ո՛չ գերեզման եւ ո՛չ դագաղ», ապա ան շարունակեց ըսելով, թէ Դաշնակցութիւնը չեղաւ լոկ կուսակցութիւն մը, այլ եղաւ փրկարար ուժ մը հայուն, յենարան մը հայ գաղթականին, վրիժառու զինուոր մը Հայ դատին:

Եզրակացնելով Հերկելեան ըսաւ. «Դաշնակցականը վարձկան զինուոր մը չէ, ան նուիրեալ պայքարող մըն է յանուն հայ ժողովուրդին»:

Ապա Խաժակ Հերկելեան հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացնելէ ետք օրուան պատգամախօս Լեւոն Աւետանեանը` զինք հրաւիրեց փոխանցելու օրուան խորհուրդը:

Լեւոն Աւետանեան

Լեւոն Աւետանեան ողջունելէ ետք ներկաները յստակ ու արժեւորման բարձր յատկանիշներով ներկայացուց Դաշնակցութեան պատմութեան վերիվայրումներն ու դաշնակցականի իտէալ գործելակերպը:

Ան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը ստեղծուեցաւ խորհուրդ ու խորհրդակցութիւն բաժնելու իր գաղափարակիցներուն, այստեղ չկան տեղայնական նուաճումներ, այլ` հաւաքական պատասխանատուութիւններ: ՀՅԴ-ն հայ իրականութեան միակ կառոյցն է, որ կրնայ զօրակցական աշխատանքներ որդեգրել եւ հասնիլ գաղութի կենցաղային կարիքներուն: Ըլլալով ամբողջական յանձնառութեան կուսակցութիւն` կը գտնուինք մեր աշխատանքը ծաւալելու մարտահրաւէրին առջեւ: Մեր փնտռածը մեր արմատներուն նորովի դրսեւորման ոլորտներն են` հիմնարար սկզբունքներու իրագործումով եւ գիտակցաբար կատարելով ճակատագրորոշ գործերը»:

Անդրադառնալով սուրիահայութեան տագնապին` Լ. Աւետանեան շեշտեց, որ հայը, անկախ իր դասակարգումներէն, պարտի բանալ նախ իր սիրտը, ապա իր քսակը` արտայայտելու եղբայրական հարազատ զգացումը հանդէպ սուրիաբնակ հայուն: Նոյնպէս եւ համակիր զանգուածին նեցուկը կը նոյնանայ անոր մասնակցութեան հետ:

Ապա Աւետանեան անդրադառնալով Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն աւելցուց, որ ՀՅԴ-ի համար պատեհ առիթ է որդեգրելու զարգացման յուսալի ուղի մը: Ինչ կը վերաբերի Արցախին եւ Ջաւախքին, ան ըսաւ, թէ այս երկու շրջաններուն կարիքներուն հասնիլը Դաշնակցութեան գործին հիմնական սեւեռակէտը կը հանդիսանայ:

«Իսկ դաշնակցականը, հրապարակային արժեւորումէն անդին, պէտք է հաշուի նստի ինքնիր հետ` բարոյական չափանիշերու քննարկման նպատակով, հարց տալով ինքնիրեն, թէ իր հոգիին մէջ գոյութիւն ունի՞ այն խռովքը, որ կը պայքարի տկարի օգտագործման դէմ, կը կրէ՞ շունչ մը Քրիստափորի հոտառութենէն, նշոյլ մը Արամի տեսլապաշտութենէն, որպէսզի կարենայ պայքար շղթայազերծել ընդոծին ախտերուն դէմ: Ու դարձեալ հարց տալով ըսէ` արժանի՞ է օրհնեալ մտրակը ձեռք առնելու, պաշտպան կանգնելու ժողովուրդի բարոյական իրաւունքներուն», ըսաւ Լ. Աւետանեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Լեւոն Աւետանեան ըսաւ. «Ազգային ազատագրական պայքարը հասած չէ իր լրումին»:

Զաքար Քէշիշեան

Արփա Սնապեան-Անտոնեան

 

 

 

 

 

 

 

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին Արփա Սնապեան-Անտոնեան ասմունքեց Ռ. Դաւոյեանի «Դաշնակցութիւն» քերթուածը, իսկ Զաքար Քէշիշեան նուագեց շուիի եւ տուտուկի վրայ:

Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES