Ժողովրդային Փառատօն` Ֆանարի Ս. Մատրան Հիմնադրութեան 40-ամեակին Առիթով

Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ֆանարի Ս. մատրան հիմնադրութեան 40-ամեակը: Շաբաթ, 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 12:00-էն սկսեալ, մատրան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն, որ կ՛ընդգրկէր խաղեր, տաղաւարներու մէջ զանազան իրերու ցուցադրութիւն-վաճառք: Իսկ կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Թորգոմ աբղյ. Տօնոյեան, որ շրջանի զաւակ եղած է եւ ներկայ էր, հաստատեց, որ ասիկա ուրախութեան օր է Ֆանարի ժողովուրդին համար, որովհետեւ վերջինս կը նշէ մատրան հիմնադրութեան 40-ամեակը` աւելցնելով, որ 40 տարիներ շարունակ արիւն, արցունք ու քրտինք թափելով պահած են եւ տէր դարձած Ս. մատրան:

Ան մեծ գոհունակութեամբ ողջունեց սրբազան հօր ներկայութիւնը` հաստատելով, որ շրջանի պատկան մարմինները իրենց առաւելագոյնը ըրին, որպէսզի մեծ շուքով դիմաւորեն զինք, եւ հրաւիրեց սրբազանը փոխանցելու իր պատգամը:

Սրբազանը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ երկինքի արքայութեան արժանանալու հիմնական պայմաններէն մէկն է Աստուծոյ խօսքը լսել եւ գործադրել: «Բոլորս ալ կը լսենք, բայց գործադրելը հաւատքի արդիւնք է, որ կու գայ ներքին համոզումէ եւ ոչ թէ պարտադրանքէ», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդի տունը շնորհիւ իր հաւատքին հաստատ մնաց: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ Լէյլաւանի ժողովուրդը 40 տարիներ շարունակ հաւատալով Քրիստոսի խօսքին այս մատուռը եկաւ եւ աղօթեց:

Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը շատ գեղեցիկ եկեղեցիներ շինած է, սակայն այս մատրան մէջ նոյն հաւատքով պատարագ կը մատուցուի, որովհետեւ գեղեցիկ շէնքէն աւելի կարեւոր է հայ ժողովուրդի հաւատքը, որ անսասան կը մնայ եւ բոլոր դժուարութիւններուն դիմադրած է: «Մեր մաղթանքն է, որ դուք մնաք ձեր այն որոշումին վրայ, որ օր մը անպայման մեր հայրերու եւ նախնիներու հաւատքին արժանի ու հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան վայել եկեղեցի մը կը կանգնէք` թէկուզ եւ փոքր, եւ կը շարունակէք ձեր հաւատքը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES