Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ ականուած ինքնաշարժի պայթում մը արձանագրուեցաւ Դամասկոսի Ֆահամէ արուարձանին մէջ, իսկ պայթուցիկ սարքի պայթում մը` Միտան թաղամասին մէջ` նիւթական վնասներ պատճառելով:

Ըստ «Ազդակ»-ի թղթակիցին, Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ սուրիական բանակը կը շարունակէ հալածել զինեալները. այս ծիրին մէջ մայրաքաղաքի արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի կ՛ունենան բախումներ, կը լսուին նաեւ թնդանօթներու հարուածներու ձայներ:

Մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերուն եւ ծայրամասերուն մէջ յատկանշական է ելեկտրականութեան հոսանքի պատահական եւ երկար ժամերով անջատումը:

 

Share this Article
CATEGORIES