Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում
Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Պքերքէի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ:
Վեհափառ հայրապետը նախ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը իր կարտինալական աստիճան ստանալուն առիթով: Ապա շուրջ ժամ մը երկու հոգեւոր պետերը խորհրդակցեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ առնչուած շարք մը հարցերու գծով: Անդրադարձ եղաւ Լիբանանի ընտրական օրէնքի փոփոխութեան եւ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին: Աւելի լայն կերպով քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու կարելիութիւնները:
CATEGORIES Գաղութային


