Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խիստ նեղացած է լիբանանեան ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն կողմէ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի դէմ կատարուած դատապարտումներէն, յատկապէս Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի յայտարարութիւններէն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար յայտնեց, որ իր անունը առաջարկուած է նախագահելու փոխանցման շրջանի կառավարութիւնը: Քասսար աւելցուց, որ ինք համաձայն է նախագահելու այդ կառավարութեան` առանց որեւէ նախապայմանի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ ղեկավարութիւններու հետ քննարկած է միջքրիստոնէական հաշտութեան մը ձեռնարկելու կարեւորութիւնը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար յայտնեց, որ ինք ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելէն խորհուրդ ստացած է Լիբանան չվերադառնալու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն խոստում ստացած է լուծելու այդ հարցը:
ՀԱՅ քաղաքացի Ներսէս Ժոզեֆ Ալթունեան իր ինքնաշարժին մէջ սպաննուած գտնուած է «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մօտակայքը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ իրենց եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ համախոհութիւն գոյացած է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Թրիփոլիի կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնելու բանակին կարողութիւնները կասկածելի են:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար ենթարկուիլ ճնշումներու եւ անոնց ազդեցութեան տակ գործել` պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձերուն յատուկ թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու առումով:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի միջյարանուանական զինեալ բախումներ պիտի չարձանագրուին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի ցաւ յայտնեց, որ այսօր յեղաշրջում կը կատարուի Իսրայէլը ձախողութեան մատնած ամէն քաղաքականութեան եւ մշակոյթի դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մօտ կը գտնուի անուանացանկ մը, որուն մէջ արձանագրուած են մահուան սպառնալիքներ ստացած Մուսթաքպալ հոսանքի 15 երեսփոխաններու անուններ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ կարելի չէ Թրիփոլին նամակատուփի վերածել` շեշտելով, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն մեծ մասը չափաւորական են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի 2013-ի սկիզբը պիտի վերադառնայ Լիբանան:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի մէջ հրահրուելիք սադրանքներուն եւ անհրաժեշտ նկատեց ընտրական արդիական օրէնքի մը մշակումը:

