«Հըզպալլա Լրջօրէն Սկսած Է Պատրաստուիլ Յառաջիկայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հարիւրաւոր ուսանողներու հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը պահել, մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա լրջօրէն սկսած է պատրաստուիլ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլա կը ջանայ յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները` մտավախութիւն ունենալով, թէ այդ ընտրութիւններուն ինք կրնայ ձախողութիւններ արձանագրել:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի մէջ միջհամայնքային կամ միջյարանուանական սադրանքներուն դէմ պայքարելու:
CATEGORIES Լիբանանեան

