Լիբանանեան Իշխանութիւնները Ստանձնեցին Թալքալախի Երեք Զոհերուն Դիակները

Կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը կը սպասէ դիակներու յանձնումին

Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, լիբանանեան իշխանութիւնները Սուրիոյ պետութենէն ստանձնեցին Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներէն երեքին դիակները:

Հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գտնուող Արիտայի սահմանին վրայ լիբանանեան կողմին յանձնուեցան Մընիէի շրջանէն` Խտըր Մուսթաֆա Ալամէտտինի, Տըննիէի շրջանէն` Ապտել Համիտ Ալի Աղայի եւ Քըպպէի շրջանէն` Մոհամետ Ահմետ Միրի դիակները:

Նշենք, որ երրորդ անձին դիակին փոխարէն պէտք էր Լիբանան հասած ըլլար Մանքուպինի շրջանէն` Մալեք Զիատ Հաժ Տիպի դիակը, որ նաեւ զոհ գացած էր Թալքալախի մէջ սուրիական բանակին լարած թակարդին:

Կը նախատեսուի, որ սուրիական իշխանութիւնները յաջորդական հանգրուաններով դիակներու յանձնումը կատարեն:

Ըստ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, անկարելի է բոլոր դիակներուն  միանգամայն յանձնումը Լիբանանի կառավարութեան, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի համաձայն, լիբանանցի բոլոր զոհերուն միանգամայն յանձնումը կարելի չէ թեքնիք պատճառներով:

Թալքալախի զոհերուն դիակները Արիտայի սահման փոխադրուեցան հիւանդատար ինքնաշարժներով եւ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ընկերակցութեամբ:

Լիբանանեան հողերուն վրայ դիակները յանձնուեցան Թրիփոլիի կրօնաւորներու եւ Տար Ֆաթուայի հոգեւոր պատասխանատու շէյխ Ահմետ Քուրտիի նախագահած պատուիրակութեան:

Կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը ապա դիակներուն հետ փոխադրուեցան զոհերուն բնակարանները, ուր կը տիրէր լարուածութիւն, ընդվզում եւ կրակոց:

Նշենք, որ շուրջ տասը օր առաջ սուրիական ընդդիմութեան զինեալ թեւին կողքին կռուելու նպատակով խումբ մը երիտասարդներ Լիբանանէն ուղղուած էին Սուրիա եւ Թալքալախի մէջ ինկած էին սուրիական բանակին կողմէ լարուած թակարդին մէջ ու սպաննուած:

 

Share this Article
CATEGORIES