Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կիրակի առաւօտեան տեղի ունենալիք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Միւս կողմէ, ըստ «Լիուա» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծած է ընտրական օրէնքի տարբերակի մը շուրջ քրիստոնէական համախոհութեան մը անհրաժեշտութիւնը: Նշենք, որ շաբաթավերջին Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


