Լիբանան Իր Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ Իգնատիոս Դ. Հազիմ Պատրիարքին
Ազգային սուգի օրուան մը ընթացքին, Լիբանան երէկ իր վերջին հրաժեշտը տուաւ Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքին:
Էշրեֆիէի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հազիմ պատրիարքին յուղարկաւորութիւնը` ներկայութեամբ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ վախճանեալ պատրիարքին յուղարկաւորութեան եւ պատրիարքը յետ վախճանման պարգեւատրեց Մայրիներու բարձրագոյն աստիճանի շքանշանով:
«Այսօր պատգամի երկիր Լիբանանը խոր կսկիծով իր հրաժեշտը կու տայ Հազիմ պատրիարքին: Լիբանան մնայուն կերպով բացակայութիւնը պիտի զգայ աղօթքներուդ եւ իմաստութեանդ` մնայուն կերպով յիշելով այն տեսակէտդ, որ վերջերս յայտնած էիր. «Եթէ ամբողջ Արեւելքին ապահովական կայունութիւնը խախտի, Լիբանան կանգուն եւ անխախտ պիտի մնայ»», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին շեշտուեցան Հազիմ պատրիարքին արժանիքները, որոնց շարքին խաղաղ ապրելու եւ համերաշխութիւն հաստատելու անոր հաւատքն ու համոզումը:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Հազիմ պատրիարքին մարմինը փոխադրուեցաւ Դամասկոս, ուր անիկա պիտի մնայ Մարիամական տաճարին մէջ եւ յուղարկաւորութեան այլ արարողութենէ մը ետք այսօր պիտի յանձնուի հողին: