Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննարկեց Տակաւին Շարունակուող Թրիփոլիի Արիւնալի Բախումները

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ապահովական կառոյցներու բոլոր պետերը, բացի ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիէն, որուն փոխարինեց հազարապետ Ռոժէ Սալեմ:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս` Թրիփոլիի զինեալ բախումները:

Նիստէն ետք խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց հազարապետ-զօրավար Ատնան Մերհեպ, որ շեշտեց, թէ խորհուրդը քննարկելէ ետք երկրին ապահովական իրավիճակը, լսած է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կողմէ ներկայացուած զեկուցումը` Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն մասին:

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի

«Խորհուրդը բանակին փոխանցած է իր ցուցմունքները Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու առումով», ըսաւ Մերհեպ:

Խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումները մնացին գաղտնի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Միքաթին: Դռնփակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական կեանքը յուզող ներքին հարցերն ու զինեալ միջադէպերը:

Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ
Զինեալ Բախումները Կը Շարունակուին

Հակառակ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ շաբաթ առաւօտեան հիւսիսային Լիբանան կատարած այցելութեան եւ Թրիփոլիի մէջ անոր նախագահած ապահովական կառոյցի յատուկ նիստին, ապա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ Թրիփոլիի մէջ ապահովական արտակարգ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին, շաբաթ երեկոյեան Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները սաստկացան:

Արձակազինութիւնը, փոխադարձ կրակոցներն ու նռնականետերու եւ հրասանդերու ռմբակոծումը ծանր թափով ընթացան:

Շրջանին բնակչութիւնը շաբաթ գիշերուան բախումները նկատեց քաղաքացիական պատերազմի համազօր բախումներ:

Շաբաթավերջին արձանագրուած զինեալ բախումները պատճառեցին երեք զոհեր, որոնցմէ երկուքը` երեխաներ, ինչպէս նաեւ 7 վիրաւորներ:

Օմարիի զառիվերին վրայ գտնուող բանակին մէկ կեդրոնը ենթարկուեցաւ հրասանդի ռմբակոծումի մը, որուն պատճառով բանակայիններուն եւ քաղաքայիններուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Զինեալ բախումներէն պահ մը

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան: Շրջանի բնակիչներէն շատեր լքեցին իրենց բնակարանները եւ ուղղուեցան այլ շրջաններ:

Շուրջ կէս ժամ ետք բանակի մասնայատուկ ուժեր խիստ եւ խիտ ներկայութիւն դարձան Սուրիա փողոցին մէջ:

Նշենք, որ բախումները հիմնականին մէջ սաստկացած էին Պաքքարի եւ Շաարանիի շրջաններուն մէջ:

Աւելի ուշ բանակը Թալլի մէջ բացայայտեց լարուած ական մը, որ անմիջապէս վնասազերծուեցաւ բանակին սակրաւորներուն կողմէ:

Նշենք, որ նախարար Շարպել Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր դարձած է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անպայման վերջ տալ սպանութիւններուն եւ քաղաքին մէջ տիրող վայրագութեան:

Պէտք է աւելցնել, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բնակչութեան վերջ տալու զինեալ բախումներուն եւ սպանութեան` հասնելու համար փոխըմբռնումի եւ ազգային հաշտութեան:

«Մենք կը մաղթենք, որ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը ապահովական կայունութիւնը վերահաստատեն եւ Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւններն ու քաղաքացիական ընկերութեան շրջանակները նպաստեն արիւնահեղութեան վերջ մը գտնելու աշխատանքին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր անդրադարձաւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` նկատել տալով, որ քաղաքական երկխօսութիւնը միակ ձեւն է Լիբանանի ազգային հարցերը լուծելու:

Նշենք, որ Լիբանանի Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը Թրիփոլիի մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ բախումներուն վերջ տալը: Խորհուրդը լիբանանեան բանակը պատասխանատու նկատեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը այդ վիճակին մէջ պահելուն, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ բանակը պատասխանատու է իր կատարած կողմնակալութեան:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց բանակին ձերբակալելու զինեալ խմբաւորումներուն անդամները, որոնք կը գտնուին Ժապալ Մըհսենի մէջ եւ որոնք սուրիական վարչակարգի ուղեգիծը կը ներկայացնեն` սադրանքներ նախապատրաստելով Թրիփոլիի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES