Սուրիահայութեան Օգնութեան Թափը Կը Շարունակուի` 250 Հազար Տոլարի Փոխանցումով
Սուրիահայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու խմբաւորումն է, կարեւոր քայլ մը եւս առաւ` երրորդ անգամն ըլլալով 250 հազար տոլար գումարի մը փոխանցումով, որ կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սուրիահայութեան օգնութեան համար բացուած դրամատնային հաշիւին միջոցով:
Վերջին փոխանցումը կարելի եղաւ` շնորհիւ Փասատենայի «Սիվիք» հանդիսասրահին մէջ 11 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած համերգին եւ այլ հանգանակային ձեռնարկներու արդիւնքով: 26 հոկտեմբերին Փասատենայի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած «Գաղութէ գաղութ» օժանդակ մարմինի ջանքերով հանգանակուած էր 48 հազար տոլար:
5 նոյեմբեր 2012-ին, Լոմիթա գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Թորընսի շրջանի կազմակերպութիւններու միասնական նախաճաշը, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 3500 տոլար:
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 34-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր 9-էն 11 նոյեմբեր 2012-ին, «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ, հաւաքուած էր 3000 տոլար` այն հեռանկարով, որ հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի մասնաճիւղերուն մէջ:
Հարաւարեւմտեան շրջանի Վարդանի ասպետները սուրիահայերուն ի նպաստ ընթրիք մը կազմակերպած էին 18 նոյեմբերին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ «Գարակէօզեան» սրահին մէջ եւ հանգանակած էին 7500 տոլար:
Նոյն օրը` 18 նոյեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ծովածոցի գաղութը կազմակերպած էր հանգանակային համերգ մը` «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ. ընթացքին հանգանակուած էր 50 հազար տոլար: ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վելի մասնաճիւղի ատենապետ Երուանդ Զօրեան հանդիսավարած էր այդ համերգը, որուն ընթացքին տեղացի արուեստագէտներ իրենց երաժշտութեամբ, ասմունքով եւ պարերով հմայած էին ներկաները: Իսկ Հայաստանէն Լիլիթ Պիպոյեանն ու Ֆրանսայէն Վիգէն Դարբինեանը, որոնք 11 նոյեմբերի համերգին համար Քալիֆորնիա կը գտնուէին, նոյնպէս մասնակցած էին Սան Ֆրանսիսքոյի համերգին: Օրուան պատգամը փոխանցած էր Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան: Իսկ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամներէն Ճիւտի Ճինկիրեան, Ներկայացուցիչներու տան անդամուհիներ Ճեքի Սփիրի (12-րդ շրջան) եւ Աննա Էշուի (14-րդ շրջան) զօրակցական նամակները ներկայացուցած էր:
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի անդամները հետեւեալներն են.
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւն, Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւն:

