Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Տապլինեան Յայտարարութիւնը Ոչ Հաւասարակշիռ Կը Նկատէ

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան ափսոսանք յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու` Տապլինի մէջ կատարած յայտարարութեան համար, որովհետեւ անիկա  հաւասարակշռուած չէր եւ ոչինչ կը նշէր Իլհամ Ալիեւի կառավարութեան Հայաստանի դէմ իրականացուող յարձակումին կամ ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի գովաբանութեան առնչութեամբ:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այս ձեւով չեն նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման: Հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ, որ Ազրպէյճան այն կողմն է, որ սկսած է պատերազմը ու պարտուած եւ կը փորձէ ոչնչացնել Արցախի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Նաեւ կը նշուի, որ Ազրպէյճան պարբերաբար սահմանային յարձակումներ կը կատարէ եւ կը սպառնայ օգտագործել իր զինանոցը` շրջանին մէջ տագնապը վերսկսելով:

«Ոչ թէ Երեւանը, այլ Պաքուն կը մերժէ միջազգային կոչերը` արձակազէնները սահմանէն հեռացնելու», ըսած է Համբարեան եւ յիշեցուցած, որ Պաքու դէմ է նաեւ բանակցային հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակցութեան:

«Չարդարացուած բարեգործութիւն է Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին համար կոչ ուղղել երկու կողմերուն` ձեռնպահ մնալու թշնամական գործողութիւններէն, երբ ակնյայտ է, որ պետական մակարդակով ատելութիւն կը հրահրէ Պաքուն` թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործողութիւններով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Իբրեւ ըսուածի օրինակ, Արամ Համբարեան նշած է սահմանային յարձակումները` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին, կամ Ջուղայի հայկական գերեզմանատան աւերումը:

Յայտարարութեան մէջ կը յիշեցուի, որ աւելի ուշ Իլհամ Ալիեւ ներեց եւ խրախուսեց Ռամիլ Սաֆարովը, որ սպաննած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը եւ հերոսացաւ Ազրպէյճանի մէջ:

Հայ դատի գրասենեակը հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի այս յայտարարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ` խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES