Հայաստանի Նախագահական Ընտրութիւնը` 18 Փետրուար 2013-ին

Շաբաթ օր Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարեց, որ 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 18 փետրուարին:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են 18 փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան հետ կապուած հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES