Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի 2012-ի Ուսումնամարզական Վերջին Հաւաքը` Ծաղկաձորի Մէջ
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականը 2012-ի ուսումնամարզական իր վերջին հաւաքը պիտի կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, յառաջիկայ 12-26 դեկտեմբերին:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան «Արմենփրես»-ի թղթակիցին ըսաւ. «Այս ուսումնամարզական հաւաքը պիտի ըլլայ այս տարուան վերջինը: 2013-ին նոր ուսումնամարզական հաւաքը պիտի սկսինք 10 յունուարին: Յունուարին եւ փետրուարին պիտի մասնակցինք կարգ մը մրցաշարքերու` նախապատրաստուելու համար աշխարհի ախոյեանութեան»:
CATEGORIES Մարզական

