10-12 Դեկտեմբերին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ճատրակի Երիտասարդական Մրցաշարք
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 10-12 դեկտեմբերին Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի երիտասարդական մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ Ռուսիոյ կառավարութեան միջազգային եւ արտաքին-տնտեսական կապերու վարչութեան եւ Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան:
17-23 տարեկան երիտասարդ ճատրակ խաղացողները պիտի մրցին ըստ զուիցերիական օրէնքին` 11 հանգրուանով, ՖԻՏԷ-ի արագ ճատրակի օրէնքներով:
Մրցաշարքին պիտի մասնակցին Երեւանի եւ այլ մարզերու 50 երիտասարդ յառաջատար ճատրակ խաղացողներ:
Յաղթողները պիտի պարգեւատրուին յուշանուէրներով եւ պատուոյ գիրերով PanArmenian.Net-ին յայտնած է Ռուսիոյ դեսպանատան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս ծրագիրին նպատակն է ճատրակը տարածել հայաստանաբնակ երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ:
CATEGORIES Մարզական

