Հայերը Միջնադարեան Իսլամական Աշխարհին Մէջ – Փոխյարաբերութեանց Նախատիպարներ (Paradigms)

Seta B. Dadoyan. The Armenians in the Medieval Islamic World-Paradigms of Interaction – Seventh to Fourteenth Centuries.

In 3 Volumes (New Brunswick, U.S.A. & London, UK: Transaction Publishers, 2011-2013).

ՓՐՈՖ. ԴՈԿՏ. ՍԵԴԱ ՏԱՏՈՅԵԱՆ

– Հատոր Ա. Արաբական Շրջանը «Արմինիայի» մէջ – VII-XI Դարեր  (2011) [The Arab Period in Arminyah- Seventh to Eleventh Centuries]

-Հատոր Բ. Հայկական Ռէալփոլիթիք Իսլամական Աշխարհին մէջ եւ Տարանջատուող Նախատիպարներ եւ Կիլիկիոյ Պարագան – XI-XIV Դարեր (2012) [Armenian Realpolitik in the Islamic World and Diverging Paradigms Eleventh to Fourteenth Centuries and Case of Cilicia]

– Հատոր Գ. Միջնադարեան Աշխարհաքաղաքացիութեան Նախատիպարներ եւ Երզնկա – Մարգարէն եւ Իսլամը Հայ Գրականութեան Մէջ –XIII-XIV  Դարեր (2013) [Paradigms of Medieval

Cosmopolitanism: Erzinjan – The Prophet and Islam in Armenian  Literature – Thirteenth to Fourteenth Centuries]

 

Ինչպէս յայտնի է խորագրէն, այս յօդուածին նիւթը վերջին երկու տասնամեակներու աշխատանքիս արդիւնք երեք հատորանի գործս է (մօտ 1000 էջ): Աշխատութիւնը գրուած է իբրեւ վիճարկում մը` ընդդէմ հայագիտական պատմագրութեան, աւելի ճիշդը` պատումաբանութեան եւ ոչ թէ պատմութեան, որովհետեւ պատմութիւնը եւ պատմագրութիւնը տարբեր բաներ են: Այլապէս, գործը գրեթէ ամբողջովին նոր ներկայացում մըն է հայոց քաղաքական ու մշակութային զարգացումին եւ փորձառութեան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ ըստ միջավայրին հետ իրենց յարաբերութեանց: Չորրորդէն մինչեւ տասնհինգերորդ դարը ժամանակագրական կերպով դասաւորուած իւրաքանչիւր մաս, գլուխ եւ հատոր ունի իրեն յատուկ վիճարկումները:

Երեք հատորներու բովանդակութեան եւ անոնց վիճարկութեանց  ամփոփ ներկայացումին  յատկացուած է այս յօդուածին երկրորդ մասը: Իսկ առաջին մասին մէջ պիտի պարզեմ այն հինգ  սկզբունքային կէտերը, որոնք կը կազմեն գործին տեսական խարիսխը, այսինքն անոր իմացաբանական եւ մեթոտաբանական հիմքերը, որոնք են` գոյութենական, էաբանական, իմացաբանական-տեսական, փորձառական  եւ վիճարկական:

 

1.- Գործին գոյութենական հիմքը կը կազմէ նիցչէական սկզբունքը կամ` «գոյութիւն ունիմ, ուրեմն պէտք է որ մտածեմ», (sum ergo cogito – I exist therefore I must think), որ շրջուած ձեւն է տեքարթեան սկզբունքին «կը մտածեմ  ուրեմն կամ, գոյութիւն ունիմ» (cogito ergo sum – I think therefore I exist): Այս գործին եւ իմ գրականութեանս գոյութենական հիմքը ի՛մ գոյութեանս կերպին գիտակցութիւնն է իբրեւ միջինարեւելեան շրջանին եւ մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ ծնած եւ ապրած հայու գիտակցութիւնը:

Իբրեւ ժողովուրդ` գտնուած ենք եւ կը գտնուինք մերձաւոր-միջինարեւելեան աշխարհին մէջ, Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Կասպից ծով, Իրան, Սուրիա եւ Միջերկրական: Եօթներորդ դարէն ի վեր այս մեծ տարածութիւնը եղաւ իսլամական աշխարհին մէկ մասը: Արաբական, թուրք-սելճուքեան, մոնկոլ-թաթարական, պարսկական եւ օսմանեան կայսրութիւնները իսլամական էին: Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանակից է երեք իսլամ երկիրներու: Մէկ խօսքով` գործնականապէս կը գտնուինք իսլամական աշխարհին եւ մասամբ միայն Հարաւային Կովկասի մէջ: Տասնմէկերորդ դարէն եւ հայ թագաւորութեանց անկումէն ետք, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը (գոնէ մինչեւ  քանի մը տասնամեակ առաջ) ապրած է եւ կ՛ապրի է իսլամ երկիրներու մէջ` իբրեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն, սակայն երբեք` իբրեւ կրաւորական կամ մեկուսի տարր:

Այս է իրողական կացութիւնը, սակայն հրապարակի վրայ գտնուող հայոց պատմութիւններուն գրեթէ բոլորը չեն գրուած մեկնելով այս հայկական վիճակէն: Հոս կու գայ գոյաբանական հարցը, թէ ներկայացուած հայոց պատմութիւնը որքանո՛վ կը հիմնուի ապրուած իրականութեանց վրայ եւ կը բացատրէ զանոնք: Ըստ երեւոյթին, պատասխանները գոհացուցիչ չէին ինծի համար: Եթէ պատմագրութիւնը տեսակ մը պատմականացումն է անցեալին եւ ներկային պատահած ու պատահող դէպքերու, ուրեմն հայերը տակաւին չեն յաջողած տեսական կառոյց տալ շրջանի լայն աշխարհին մէջ իրենց փորձառութեան եւ գոյատեւումին, այսինքն` պատմականացնել զանոնք: Դէպքերը իրենք իրենց «պատմութիւն» չեն, պատմաբա՛նն է, որ զանոնք պատմութեան կը վերածէ` իր տեսանկիւնէն եւ ըստ իր պատմագրական իմացաբանութեան մեթոտներով:

Հարցը պարզապէս հայ-իսլամական յարաբերութեանց հարցը չէ, եւ այս գործին այդպիսի նկարագրութիւնը տխուր  պարզաբանութիւն մըն է: Հարցը` ժողովուրդի մը փորձառութեան իմացականացումն է պրիսմակային եւ նոյնիսկ հակասական թուող երեսներուն ամբողջութեանը մէջ:

Առաջին հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, հետեւեալն է. ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ` տուեալ աշխարհի մը եւ այս պարագային` իսլամական աշխարհին մէջ: Գոյութեան կերպ մըն է ասիկա, որ  կը ստեղծէ իր գոյութենական խնդիրը: Գոնէ իմ սերունդիս պարագային, հայ ըլլալ` կը նշանակէ ունենալ  հայկական աշխարհի զանազան տեղերէն անցած եւ հասած նախահայրերու երկար շարան մը եւ անոնց ֆոլքլորը: Կը նշանակէ` կրել անցեալին կապուած դասական պատումներու կողքին, աւանդութեանց արժէքներու եւ առասպելներու մեծ ու խառն կոյտ մը: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, օրինակ` Հալէպ, ծննդավայրս եւ կանուխէն` Պէյրութ, հայ ըլլալ նաեւ կ՛ենթադրէր ապրիլ հին եկեղեցիներու, մզկիթներու, արաբական միջավայրի, շուկաներու, հայ միութեանց, արեւմտեան եւ տեղական դպրոցներու, բազմամշակութային շրջանակներու մէջ, ըլլալ քառալեզու եւ բազմակողմանի կրթութեամբ եւ բազմակենցաղ սովորոյթներով:

Այսօր եւ ամէն տեղ անբացառ` հայ ըլլալ, գիտակցութեամբ եւ ոչ թէ մականունով, կը նշանակէ` կրել գոյութենական եւ մտաւոր մեծ տագնապ մը, նախ հասկնալու, ապա պահելու համար ինքնութիւնը խայտաբղէտ աշխարհաքաղաքի մը մէջ, միաժամանակ` ըստ անոր պայմաններուն եւ անոնց դէմ: Ինծի եւ հաւանաբար իմ սերունդէս շատերու համար աւանդական եւ ընթացիկ հայոց պատմութիւններուն ներկայացուցած պատկերը հայու անցեալին եւ կացութեան մասին երբեք գոհացուցիչ չէ եղած: Կան մեծ ու մութ պարապներ եւ բացեր:

Ուրեմն գոյութենական տեսանկիւնէն դիտուած` ինծի համար անձնապէս ուսումնասիրել, հասկնալ եւ գրել հայերու փորձառութիւնը իսլամական աշխարհին մէջ` կը նշանակէ փորձել իմաստաւորել եւ տեսականացնել-պատմականացնել սեփակա՛ն գոյութիւնը այս աշխարհին մէջ` ապրուած եւ փաստելի իրողութեանց շրջանակին մէջ: Այս է գոյութենական հարցին ստիպողականութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ յաջորդ կէտին:

 

2.- Հայ պատմագրութեան առնչուող էաբանական  հարցը: Ասիկա կը վերաբերի հայագիտական հարցերուն տեղին` միջազգային գետնի վրայ եւ ըստ միջինարեւելեան գիտութեանց հետ ունեցած իրենց յարաբերութեան: Մասամբ պայմաններու բերումով` հայ պատմագրութիւնը եւ միւս ընկերային գիտութիւնները եղած են հայակեդրոն: Այսինքն այսպէս կոչուած գերազանցապէս «հայկական հարցերը» զետեղուած են կեդրոնը եւ մնացեալ հարցերը նկատուած` շրջանակային-ծայրամասային: Այս կարգի մօտեցումը արուեստականօրէն մեկուսացուցած եւ աղքատացուցած է հայոց կացութեան պատկերը, նաեւ դուրս մղած ու մթագնած` ապրուած պատմութենէն մեծ մարզեր եւ հարցեր: Արդիւնքը եղած է պակասաւոր եւ վիպական պատումնաբանութիւն:

Գիրքիս ընդհանուր յառաջաբանին մէջ կ՛առաջարկեմ կատարել «կոպեռնիկեան» համարձակ քայլ մը. առնել միջինարեւելեան աշխարհը` իբրեւ մեծ սիսթեմը եւ հայոց պատմութիւնը` իբրեւ անոր հիմնական բաղադրիչներէն մէկը, այսինքն` կարեւոր ենթասիսթեմներէն մէկը, որովհետեւ այս է իրողութիւնը: Այնքան ատեն որ մենք մեզ կը նկատենք մեր տիեզերքին կեդրոնը, հաշիւները սխալ դուրս կու գան եւ կը խաթարուի մեր պատմած պատմութիւնը: Հինգ հարիւր տարի առաջ, այն պահուն, երբ Կոպեռնիկոս որոշեց փոխանակ երկրին` արեւին մօտիկ կէտ մը նկատել տիեզերքին կեդրոնը, իր հաշիւները պարզուեցան, եւ անկէ ի վեր փոխուեցաւ տիեզերքի մեր հասկացողութիւնը:

Այս է իմ աշխատութեանս բուն նկարագիրը.  եռահատոր այս գործը կը սկսի կոպեռնիկեան քայլով մը եւ հոս կը կայանան անոր նորութիւնը, սատարը, նաեւ` վտանգաւորութիւնը (աւանդական պատմութեան համար), որովհետեւ այս քայլով մենք մեզի պարտադրած կ՛ըլլանք հասկնալու մեր գտնուած մեծ աշխարհի՛ն օրէնքները մերինին կողքին եւ վերատեսութեան ենթարկել մեր պատումներուն ճշգրտութիւնը: Փաստօրէն, եւ տակաւին, նայեցէ՛ք Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներուն, հայկական պայմանները միշտ ալ ուղղակի կերպով ենթակայ են եղած շրջապատին մէջ պատահած փոփոխութեանց: Չկան «զուտ» հայկական օրէնքներ  կամ աշխարհ:

3.- Իմացաբանականօրէն այսինքն` իր ճանաչողական կամ ճիշդի-սխալի չափանիշներու ընտրութեանց մէջ. այս գործը կը հետեւի հետեւեալ սկզբունքներուն.

ա.- Խուսափիլ կառուցողապաշտներու յատուկ գաղափարաբանական շրջանակումներէն, որովհետեւ այդ կը նշանակէ` պարտադրել սեփակա՛ն պատմափիլիսոփայութիւնը դէպքերու վրայ:

բ.- Մերժել վերակառուցողապաշտներու յաւակնութիւնը բացարձակ առարկայականութիւն  ունենալու, որովհետեւ ընկերային գիտութեանց մէջ այդպիսի բան անկարելիութիւն է: Պատմաբանին տեղեկութիւնները միշտ ալ անուղղակի են եւ կու գան բնագիրներէ կամ հնաբանական մնացորդացէ:

գ.- Ըլլալ կարելի եղածին չափ միջբնագրային, այսինքն` օգտագործել կարելի եղածին չափ մեծ  թիւով տարբեր ու նոր աղբիւրներ, այս պարագային` արաբական (անշուշտ հայկականներուն կողքին):

դ.- Ըլլալ ամբողջապաշտ, այսինքն ներառել ամէն երեւոյթ եւ տարր` առանց նախադիր նկատառումներու` ճիշդի-սխալի, կարելիի-անկարելիի, վաւերականի եւ անընդունելիի մասին:

ե.- Մասնաւորաբար ըլլալ քննադատական եւ փորձառական եւ ոչ վարդապետական:

զ.- Հիմնուիլ նախատիպարներու կամ փարատայմներու վրայ եւ սկսելով մասնաւոր եւ գրեթէ վաւերական պարագաներէ` անցնիլ ընդհանրացումներու:

է.- Այսպիսի դժուարին աշխատանքի մը համար լաւագոյն կերպն էր որդեգրել նաեւ վիճարկումի-փաստարկումի ոճը: Վերբերուած նախատիպարները – փարատայմները հիմնականին մէջ «հակապարագաներ» եւ  վիճարկումներ են` ի նպաստ հայոց պատմական փորձառութեան աւելի իրական, ուժական եւ նոր հասկացողութեան մը:

ը.- Վերջապէս, կայ գործին ներքին տարածքը կամ ծննդոցը. շատ տարիներ առաջ, իբրեւ մագիստրոսական ուսանող, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ կ՛առնէի իսլամական փիլիսոփայութեան դասեր: Այդ օրերուն ուշադրութիւնս գրաւեց Յովհաննէս Երզնկացիի «Ի տաճկաց իմաստասիրաց գրոց քաղեալ բանք» խորագրով ձեռագիրը «Բանբեր Մատենադարանի»-ի մէջ (Ս. Արեւշատեանի հրատարակութեամբ):

Առաջին իսկ հայեացքով յստակ էր, թէ գրութիւնը քիչ մը նախնական, սակայն ուղղակի եւ տառացի ամփոփում մըն էր տասերորդ դարուն Պասրայի մէջ հաստատուած, գաղտնի եւ հալածուած Իսմայիլական-Գարմաթեան մաքրութեան եղբայրութեան չորս հատորանի մեծածաւալ հանրագիտարանին: Վերջինը ծանօթ է իբրեւ իրենց «Թուղթեր»-ը կամ` «Ռասա՛էլ իխուան ալ-սաֆա»: Հրատարակիչը ինքն ալ տեղեակ չէր այս առնչութեան, իսկ Երզնկացիի այս գործը եղած էր կարեւոր ու գործօն ազդակ` իր ամբողջ մտածողութեան մէջ: Ես գործ ունէի հայ մտաւոր մշակոյթին վրայ իսլամական ուղղակի ազդեցութեան մը հետ, եւ բանասիրութիւնը մինչ այդ անտեղեակ էր այս կապին մասին: Հայ-իսլամական այս ոչ ուղղափառ կամ հեթերոտոքս կապը զիս մղեց փնտռելու նման պարագաներ եւ մտածել տարբեր ուղիներով: Կարճ ժամանակ ետք փաստեցի նաեւ, թէ Երզնկացիին ուրիշ մէկ կարեւոր գործը` 1280-ին գրուած իր քաղաքին «Եղբարց միութեան կանոնադրութիւն»-ը իր կարգին ուղղակի փոխառում մըն էր աբասեան Ալ-Նասիր լի Տին Ալլահ  Խալիֆէին (մ. 1225) քաղաքային երիտասարդական ֆութուա  կազմակերպութեանց բարեկարգչական ծրագիրէն եւ կանոնադրութենէն: Աստիճանաբար սկսայ ուսումնասիրել հայ-իսլամական փոխյարաբերութիւնները հայ եւ մասնաւորաբար  արաբական բնագիրներէ: Հոս պէտք է մասնաւոր կերպով շեշտել, թէ որոշ նիւթերու եւ շրջաններու մասին բազմապատիկ անգամ աւելի նիւթ կայ արաբական, քան թէ հայկական աղբիւրներուն մէջ:

Իմ աշխատութեանս պարագային, անձնապէս ձեռք բերուած տեղեկութիւնը եւ անոր վերլուծումը միշտ ալ կը տարբերէին ընթացիկ եւ դասական պատումներէն: Ամէն նիւթ նոր էր, եւ նոր նիւթերը ինծի համար ունէին այս գրաւչութիւնը. սկսիլ թապուլա ռազա կամ հայ միջնադարեան արտայայտութեամբ` «մաքուր մագաղաթ» կացութիւններէ եւ զարգացնել նոր եւ աւելի ուղղակի բացատրութիւն մը: Այսպէս, բոլորովին սեփական տեսանկիւնէ գրեցի նաեւ  «Լիբանանահայ նկարչութեան պատմութիւնը  հայ ինքնութեան լոյսին տակ» (1884), «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն» (1987), «Երզնկացիի իսլամական աղբիւրներու հարցը» (որ եղաւ գիտութիւններու տոքթորի թեզս, 1991), Fatimid Armenians (Ֆաթիմիական Հայերը, 1997), եւ անխուսափելին` «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ. փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ» երեք հատորներով (2011-2013):

Հայ-իսլամական յարաբերութեանց գրեթէ խոպան դաշտին պարագային էականը ինծի համար գտնել էր իմացաբանականօրէն հաստատուն եւ պատմագրականօրէն առաւելագոյն չափով վստահելի մեթոտ մը եւ գործիքներ, եւ ամէն բանէ առաջ կազմել յստակ վիճարկումներ: Գիրքին իւրաքանչիւր մասը եւ գլուխը ունի իրեն յատուկ փաստարկումները` խարսխուած որոշ եւ հիմնաւորուած դրուագներու կամ պարագաներու վրայ:

Իր պարագիծով շատ աւելի լայն, քան դասական պատմութիւն մը, եւ մօտեցումով աւելի միջմարզային աւանդական իմաստով «հայոց պատմութեան» գիրք մը չէ այս: Ինչպէս Տարուին կը գրէ իր գործին (Origin of the Species) յառաջաբանին մէջ, այս գիրքը իր երեք հատորներով գրուած է իբրեւ վիճարկում մը (argument) եւ հիմնական վիճարկումս հետեւեալն է.

Եթէ եօթներորդ դարու կէսէն ի վեր հայերը, Պատմական Հայաստանը, ինչպէս նաեւ արդի հանրապետութիւնը, արեւելեան Փոքր Ասիայէն մինչեւ հարաւային Սեւ ծով, Կովկաս, Կասպից ծով, Իրան, Միջագետք, Սուրիա եւ Եգիպտոս, մաս կը կազմեն լայն իսլամական աշխարհին, եւ եթէ մինչեւ քանի մը տասնամեակներ առաջ ամբողջ շրջանը բնակավայրն էր հայոց մեծամասնութեան, ուրեմն հայերու պատմութիւնը եւս մաս կը կազմէ այս մեծ տարածութեան եւ անոր ժողովուրդներուն: Հայերը ապրած են այս մեծ շրջանին մէջ իբրեւ հիմնական ու բնիկ տարրեր` արաբ եւ այլ պատմաբաններուն վկայութեամբ: Բնականաբար իրենց  պարագային ալ գործօն եղած են այն օրէնքները, որոնք իշխած են մեծ շրջանին եւ ժողովուրդներուն ալ վրայ: Այսինքն նիւթոնեան տարրական եզրերով, ինչպէս որ խնձnրը ծառէն կ՛իյնայ ձգողութեան օրէնքով, նոյն օրէնքով ալ լուսինը կը դառնայ արեւուն  շուրջ: Ուրիշ խօսքով, քանի որ պատմութեան մէջ չկան գաղտնի գրպաններ եւ մասնաւոր օրէնքներ, «հայկական բաները» ե՛ն  նաեւ «միջինարեւելեան բաներ», ճիշդ է նաեւ հակառակը: Սակայն այս չէ՛ պարզուած իրողութիւնը հայ պատմագրութեան մէջ: Աւելի՛ն. հայագիտութիւնը բնականաբար մաս կը կազմէ նաեւ միջինարեւելեան գիտութեանց, որ առանց անոր նպաստին` պակասաւոր է, ուրեմն անիկա պէտք է դրուի շրջանառութեան մէջ:

Անշուշտ կան փոխադարձ հանդիպումներ եւ միջկրօնական կապեր, որոնք ոչ մէկ ակադեմական-գիտական նշանակութիւն կրնան ունենալ: Նայեցէք վերջերս հրատարակուած միջինարեւելեան պատմութեան մասին աշխատութեանց, համալսարաններու ամպիոններուն բաղադրութեան, կատարուածը բաւարար չէ, ոչ ալ` քաղաքականօրէն յաջող:  Հայագիտութիւնը եւ ընդհանրապէս հայերը գրեթէ բացակայ են ամէն տեղ: Կացութիւնը լրջօրէն խնդիրային է եւ հոսկէ է, որ այս աշխատութիւնս կը ստանայ իր անյետաձգելիութիւնն ու օրինականութիւնը:

Համառօտ Ներկայացում Մը
Երեք
Հատորներու Բովանդակութեան

Հատոր Առաջին

Արաբական Շրջանը «Արմինիայի» Մէջ
–
Եօթներորդէն Տասնմէկերորդ Դարեր

Այս հատորին առաջին վիճարկումը հետեւեալն է. այն կերպերը կամ ազդակները, ըստ որոնց, հայերը իբրեւ առաջնորդներ, հաստատութիւններ, ընկերային դասակարգեր, անհատներ եւ հաւաքականութիւններ յարաբերեցան քաղաքական եւ մշակութային իսլամի հետ, արդէն գործօն էին նախաիսլամական շրջանին, չորրորդ դարէն սկսեալ: Այսինքն գոյութիւն ունի շարունակականութիւն մը, որ կ՛առնչէ այս երկու շրջանները եւ կը բնորոշէ Հայաստանի եւ հայերու դիրքն ու զարգացումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Չորրորդ դարուն արդէն կը բնորոշուէին չորս հիմնական ազդակներ.

– Քաղաքական եւ մշակութային երկբեւեռայնացում` քրիստոնեայ Արեւմուտքին եւ զրադաշտական եւ հետագային` իսլամ Արեւելքին միջեւ:

– Ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան կազմաւորում` կրօն, լեզու/գիր, ազգային արժէքներ

– Հայ ուղղափառութեան եւ հերետիկոսութեան սահմանում` համադրուած Եզնիկի գործին մէջ

– Ընկերային-կրօնական այլախոհութեան կամ աղանդաւորական շարժումներու սկզբնաւորում:  Բարեկարգչական գաղափարներով հրապարակ եկած այս հաւաքաբանական եւ որդեգրապաշտ  համայնքները գաղափարական հանգիտութիւններ ունէին ոչ միայն զրուանիզմի, այլ նաեւ հետագային` իսլամի հետ:

Վերջին ազդակին մասին հոս պէտք է աւելցնել ծանօթագրութիւն մը: Արդէն ութերորդ դարուն հայ աղանդաւորական-իսլամական դաշնակցութիւնը իրականութիւն էր շրջանին մէջ եւ գետնի վրայ գործօն: Չորրորդ դարուն ձեւ ստացած`  հայ այլախոհականութիւնը կամ ընդդիմախօսութիւնը  աստիճանաբար վերածուեցաւ քաղաքական եւ զինուորական հոսանքի մը եւ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ միջնադար: Ընդհանուր առմամբ, տեսութիւններէս մէկը այն է, թէ գոյութիւն ունի յստակ հայ այլախոհական-յեղափոխական պատմութիւն մը, որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: Յաճախ կորսուած եւ դիտումնաւոր կերպով մթագնած է անիկա աղանդաւորական շարժումներու  անունին տակ` պահպանողական պատմաբաններու նեղ ուսումնասիրութեանց մէջ, փոխանակ ներառուելու եւ բացայայտուելու իբրեւ հայոց պատմութեան բաղադրիչ եւ կարեւոր տարրերէն մէկը:

Ճիշդ է որ կրօնական աղանդաւորականութիւնը տեսակ մը այլախոհութիւն է, սակայն վերջինը շատ աւելի տարբեր, լայն եւ յեղափոխական զուգահեռ մակարդակ մըն է հայ ընկերային եւ մշակութային եղափոխութեան մէջ: Այսօր քիչ թէ շատ լայնմիտ ամէն հայ մտաւորական գիտէ, թէ հայոց պատմութիւնը եղած է ոչ միակտուր զարգացում մը: Բազմաթիւ եւ յաճախ հակասական եւ անսպասելի յարաբերութեանց միջոցով է, որ այս ժողովուրդը յաջողած է գոյատեւել:

Առաջին հատորը ունի երկար գլուխ մը` արաբական աղբիւրներուն մասին: Այս աղբիւրները բացարձակապէս կենսական են հայոց պատմութեան համար ընդհանրապէս: Նախ, որովհետեւ խալիֆայութեան «Արմինիա» նահանգը շատ աւելի ընդարձակ էր, քան` պատմական Հայաստանը, իսկ «արման»-ները կամ «արմանի»-ները այդ տարածութենէն ներս եւ դուրս ապրող բոլո՛ր հայերն էին: Անոնք կրնային ըլլալ քրիստոնեայ, իսլամ, ոչ ուղղափառ կամ աղանդաւորական հայեր: Այսպէս, արաբական աղբիւրները կ՛անդրադառնան բոլոր հայերուն ամէն կարգի գործունէութեանց, ամէն տեղ: Մինչդեռ հայ միջնադարեան հեղինակները  ըլլալով եկեղեցականներ` սպասելիօրէն տուած են նեղ եւ միակողմանի պատումներ, որոնք յաճախ մեկնաբանութիւններ եւ երբեմն ալ քարոզչութիւն են այս կամ այն նախարարական տոհմին ի նպաստ: Անոնք զեղչած եւ անտեսած են իրե՛նց համար անբաղձալի երեւոյթներ կամ դրուագներ: Այսինքն այն հայոց պատմութիւնը, որ նաեւ կ՛օգտագործէ եւ  նկատի կ՛առնէ ոչ միայն արաբական աղբիւրներու տեղեկութիւնները, այլ նաեւ, եւ մասնաւորաբար, ոչ հայերու պատմագրական տեսանկիւնը, անպայմանօրէն աւելի լայն շրջագիծի մէջ կը դնէ հայկական գոյութիւնն ու փորձառութիւնը շրջանին մէջ: Արաբական աղբիւրներէն կարեւոր մաս մը թարգմանուած է հայերէնի եւ` օգտագործուած, սակայն միայն անցնելէ ետք տուեալ պատմաբանին գաղափարաբանական «զտիչէն»: Այս գործողութեան ընթացքին է, որ կորսուած է արաբական հսկայական գրականութեան նշանակութիւնը հայոց պատմութեան համար:

Այս առնչութեամբ ըսենք, թէ հին եւ նոր հայ աղբիւրներու նեղ կարկիններէն դուրս մնացած են ոչ միայն հիմնական  երեւոյթներ, այլ նաեւ` ամբողջ ժամանակաշրջաններ, ինչպէս հայ ռազմական եւ մշակութային ներկայութիւնն ու ուժը հիւսիսային Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ` տասերորդ դարէն մինչեւ տասներկրորդ դարու վերջաւորութիւնը: Հայոց պատմութիւնները լուռ են այս մասին: Անձնապէս հանքափորական միջոցներով պեղած եմ այս նիւթերը միա՛յն արաբական աղբիւրներէ: Կայ նաեւ ուրիշ լուրջ հարց մը. այն է` սկիզբէն ի վեր, եւ մինչեւ օրս, իսլամի մասին հայ պատմագրութեան մակերեսային հասկացողութիւնը: Իբրեւ քաղաքական եւ մշակութային տարբեր «աշխարհ» մը` իսլամը բոլորովին տարբեր երեւոյթ է, ամէնէն կարեւորը` տակաւին շարունակուող եւ զօրացող իրականութիւն է ամէն տեղ, ինչպէս կը տեսնենք, եւ տակաւին, տասնհինգ դար ետք, կը գրուին խորենացիական եւ եղիշէական ոճի պատմութիւններ:

Օրինակ, հայ-իսլամական յարաբերութեանց փրոթոգոլային կանոնաւորումի հարցը անտեսուած հարց է, մինչդեռ մինչեւ այսօր շատ բան չէ փոխուած անոնց սկզբունքներուն մէջ, եթէ ոչ` մտայնութեանց: Գիտնալով կանուխ իսլամի քաղաքական բնոյթը` ես չէի կրնար առնել Թէոդորոս Ռշտունիի եւ Մուաուիյայի միջեւ 652-ի դաշինքը իբրեւ սովորական եւ սպասելի կարգադրութիւն: Անիկա պէտք էր որ բերուէր իր իրողական շրջանակին մէջ, այսինքն իբրեւ մաս ընդհանուր քաղաքականութեան մը` ոչ իսլամներու նկատմամբ, այն ատեն` եւ հետագային: Այս նիւթը կը կազմէ առաջին հատորէն գլուխ մը: Վիճարկումս այն է, որ այս դաշնագիրը հիմնականին մէջ շարունակութիւն մըն էր մօտ երկու տասնամեակ առաջ սկսած հայ-իսլամ շփումներու եւ հայոց տրուած այսպէս կոչուած «Մարգարէին ուխտին», որ եղաւ աւանդութիւն մը եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 19-րդ դար: Այսպէս, այս նիւթը փոխյարաբերութեանց «նախատիպար» մըն է կամ` փարատայմ մը, ըստ որուն, կրնանք բացատրել, օրինակ, Յովհան Օձնեցիի համաձայնութիւնը Ումայատ խալիֆային հետ, Սալահէտտինի ուխտը Երուսաղէմի հայոց, Շահ Աբբասի ուխտը Նոր Ջուղայի հայոց, օսմանեան միլլեթ սիսթեմը եւ այսօր արաբական-իսլամական երկիրներու մէջ հայկական գաղութներու յատուկ իրաւավիճակը: Հոս կը կայանայ իսլամը հասկնալու անհրաժեշտութիւնը:

Առաջին հատորին մէջ մեծ կարեւորութեամբ կ՛առաջարկեմ ուրիշ տեսութիւն մը` միջսահմանային աշխարհի նախատիպարը բիւզանդական եւ իսլամական կայսրութեանց միջեւ, իններորդ դարէն մինչեւ մոնկոլ-թաթարական շրջանը, տասնհինգերորդ դար: Այս գօտին կամ «աշխարհը» կը սկսէր Սեւ ծովէն, կ՛անցնէր Արեւմտեան Եփրատէն, Երզնկայէն, ապա Գոմմակէնէն, մինչեւ Աբբասեան դռները եւ մայրաքաղաքները (սուղուր եւ ՛աուասիմ), կ՛առնէր Արեւմտեան Տիգրիսէն մասեր, ապա կը տարածուէր Ամանոսեան անցքերէն մինչեւ Ճեզիրա կամ հիւսիսարեւելեան Սուրիա:

Աբբասեան խալիֆա Հարուն ալ-Ռաշիտի ծրագրած ժիհատի (սրբազան պատերազմ) համար յատկացուած այս մեծ տարածութիւնը փոխանակ ծառայելու իր նպատակին` եղաւ տեղական, խառն եւ հաւաքաբանական եւ յաճախ` զինեալ եւ զինուորական խմբաւորումներու հող: Հոն էր, որ զարգացան արտասովորական մշակոյթներ եւ գաղութներ` զանազան ազգային պատկանելիութիւններէ եկած: Մեծ թիւով հայեր եւս հաստատուեցան ոչ միայն այս գօտիին վրայ, այլեւ սահմաններուն երկու կողմերը` զանազան հանգամանքներով: Ութերորդ դարէն սկսեալ պաւղիկեան եւ թոնդրակեան պատմութեանց կարեւոր մէկ մասը կը պատկանի ա՛յս տեղերուն եւ ժամանակներուն:

Միջինարեւելեան սինքրեթիզմը կամ հաւաքաբանութիւնը իր կարգին ուրիշ նախատիպար մըն է` իր կարգին անմշակ: Արաբական աղբիւրները լեցուն են բազմաթիւ դրուագներով եւ տեղեկութեամբ` հայերու գործունէութեան մասին, յիշեալ սահմանային աշխարհին մէջ: Օրինակ, 857-861 տարիներուն` աբբասեան արշաւանքներուն ընթացքին, պատմաբան Իպն ալ-Ասիր մեծ համակրանքով կը խօսի աբբասեան քաջ զօրավար եւ Հայաստանի իսլամ հայ կառավարիչ Ալի Իպն Եահեա ալ-Արմանիի եւ իր դաշնակիցներուն` պաւղիկեան Գարպէասին եւ Մելիտինէի Ամիր Ումար Իպն ալ-Աքթայի մասին, ձմեռնային ժիհատի մը ընթացքին: Սովորական դէպք է իր պատմածը, իսկ այս երկու հայերը եւ իրենց ռազմիկները, մէկ կողմէ աղանդաւորական եւ միւս կողմէ` իսլամ,  իսլամական աշխարհի սովորական երեւոյթներ, «բնիկներ» են պարզապէս: Անոնք միաժամանակ կը պատկանին նաեւ հայոց պատմութեան եւ գործունէութեան: Փաստօրէն ոչ միայն Իպն ալ-Ասիր, այլ բոլոր պատմաբանները միշտ ալ աւելցուցած ազգային պատկանելիութիւնը իրենց խօսած մարդոց անուններուն վրայ: Բոլորին մօտ կը գտնենք հարիւրաւոր նման յիշատակումներ` մարդոց եւ դէպքերու մասին:

Հաւաքած եմ եւ կը հաւաքեմ այսպիսի պարագաներ` հասկնալու հայ փորձառութիւնը իր յարաբերութեանց ընդմէջէն: Այսպէս կատարուեցաւ եւ ընթացաւ իմ աշխատանքս տասնեակ տարիներ, եւ ինչ որ գտայ, եղաւ վրձինի հարուած մը, կարծէք, տարբեր հայ համապատկերի մը վրայ:

Սահմանային աշխարհին շրջաններուն երկու կողմերուն վրայ ալ, բիւզանդական եւ արաբական, տարբեր քաղաքական համոզման  ու հաւատքի պատկանող հայերը կը կազմէին կարեւոր թիւ եւ յաճախ` մեծամասնութիւն: Դաւանափոխութիւնը մէկ կրօնէն միւսը, ապա` հակառակը, առօրեայ երեւոյթ էր, ըստ պայմաններու, զինուորական եւ անձնական պահանջներու: Սահմանային աշխարհին մէջ եւ ամէն տեղ կային հայեր, որոնք կրնային ըլլալ քաղկեդոնական, իսլամ, առաքելական, պաւղիկեան, թոնդրակեան, արեւապաշտ, իսմայիլական, կամ պարզապէս` հաւաքաբանական: Նաեւ ուշադրութենէ ցարդ վրիպած է այն պարագան, որ այս կարգի հայերու մօտ թէ՛ կրօնական տոկման կամ օրէնքը գրեթէ բացակայ էր, սակայն շատ ուժգին կերպով անոնց մօտ կար տեսակ մը հոգեւորականութիւն, կրօնազգացողութիւն կամ spirituality: Փաստերը կը գտնենք բանաստեղծական բեկորներու,  եւ առասպելական եւ դիւցազնական գրականութեան մէջ, ինչպէս «Տիգենիս Աքրիթիս»-ի (Digenis Akritis) եւ «Սասունցի Դաւիթ»-ի մէջ: Միջնադարեան դասական հեղինակները ամբողջութեամբ զեղչած են այս հայ զանգուածներուն մշակոյթը, հետեւաբար առասպելներն ու բանաստեղծութիւնը իրենց կարգին կ՛ունենան «պատմական» նշանակութիւն: Պէտք է որ կարդացուին իբրեւ այդպիսիք եւս: Ինչպէս յիշատակեցինք, այս բոլոր նիւթերը կը պատկանին հայոց պատմութեան, եւ անոնց քննական վերլուծումը անհրաժեշտ է հասկնալու համար հայկական փորձառութիւնը: Այս տեղեկութեանց աղբիւրները հայկական չեն, այլ մասամբ` բիւզանդական եւ ընդհանրապէս արաբական: Տասներորդ դարու «Տիգենիս Աքրիթիս»-ի հայկական կորիզին մասին արդէն գրած են Ն. Ադոնցը եւ Հ. Բարթիկեանը, սակայն այս դիւցազնավէպին պատմական-քաղաքական  նշանակութեան մասին երկուքին մօտ ալ չկայ վերլուծում, որովհետեւ երկուքին ալ հայակեդրոն պատմափիլիսոփայական կարկինէն դուրս է եղած հայ-իսլամական յարաբերութեանց հարցը:

(Շար. 1)

 

Փրոֆեսէօր դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան ստացած է Գիտութիւններու դոկտոր կոչումը փիլիսոփայութեան մէջ: Նաեւ Լոնտոնի մէջ ուսանած է նկարչութիւն, եւ նկարիչ է: 1986-2005 եղած է դասախօս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, փիլիսոփայութեան, մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան պատմութեանց եւ այլ նիւթերու: Դասաւանդած է Հայկազեան եւ Լիբանանեան-ամերիկեան  համալսարաններուն մէջ: 2002-ին եւ 2006-ին Ս.    Տատոյեան հրաւիրուած է դասաւանդելու հայագիտական նիւթեր Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին միջինարեւելեան ուսմանց բաժինին մէջ: 2007-2010 դասախօս էր Սուրբ Ներսէս Ընծայարանը, Նիւ Եորքի, կրկին հայագիտական նիւթերու: 2010-ի գարնան տարեշրջանին Շիքակոյի համալսարանը հրաւիրած էր զինք դասախօսելու Հայ-իսլամական փոխյարաբերութեանց մասին: 2011-ի առաջին կիսամեակին Երեւանի պետական համալսարանը հրաւիրուած էր դասախօսելու երեք բաժանմունքներու մէջ:

Իր դասախօսական գործունէութեան զուգահեռ Տատոյեան շատ յաճախ մասնակցած է միջազգային համաժողովներու եւ համալսարաններու մէջ դասախօսած է հայագիտական եւ այլ նիւթերու մասին: Իր մտաւորական գործունէութեան առանցքը կը կազմէ հայ մշակոյթին եւ պատմութեան քննական վերարժեւորումը իրենց յարաբերութեանց ընդմէջէն: Վերջին տասնհինգ տարիներուն ընթացքին կ՛աշխատի հայ-իսլամական յարաբերութեանց անմշակ մարզին վրայ եւ մասնաւորաբար հայոց փորձառութեան միջինարեւելեան աշխարհին մէջ: Փրոֆ. Տատոյեան կը գրէ հայերէնով եւ անգլերէնով: Հեղինակն է աւելի քան յիսուն լայն ուսումնասիրութեանց եւ ցարդ ութը գիրքերու: Իր վերջին գործը կամ մակնիւմ օփիւսը` եռահատոր աշխատութիւն մըն է, որուն առաջին երկու հատորները լոյս տեսած են (2011, 2012), երրորդը լոյս պիտի տեսնէ 2013-ին:

Իր գործերն են.

– «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ – փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ  եօթներորդէն տասնչորրորդ դարեր» [The Armenians in the Medieval Islamic World Seventh-Fourteenth Centuries: Paradigms of Cultural-Political Interactions. Three Volumes, (London & New York: Transaction Publishers, 2011-2013).

– Հատոր Ա. Արաբական շրջանը Արմինիայի մէջ – 7-11-րդ դարեր

– Հատոր Բ. Հայկական ռէալփոլիթիք իսլամական աշխարհին մէջ եւ տարանջատուող նախատիպարներ եւ Կիլիկիոյ պարագան – 11-14-րդ դարեր

– Հատոր Գ. Միջնադարեան աշխարհաքաղաքացիութեան նախատիպարներ եւ  Երզնկա-Մարգարէն եւ Իսլամը հայ գրականութեան մէջ – 13-14-րդ դարեր

– The Contribution of the Armenian Church to the Christian Witness in the Middle East (Ed. co-author), (2001).

– The Armenian Catholicosate from Cilicia to Antelias: An Introduction to the Political History (Beirut, 2003).

– The Fatimid Armenians: Cultural and Political Interactions in the Near East (Leiden, Brill, 1997).

– Յովհաննէս Երզնկացի.- «Ի տաճկաց Իմաստասիրաց Գրոց Քաղեալ Բանք»-ին իսլամական աղբիւրները եւ փիլիսոփայական արձակը (Պէյրութ, 1991).

– Էջեր արեւմտահայ մտածումէն (Պէյրութ, 1987).

– Լիբանանահայ նկարչութիւնը ինքնութեան տագնապին լոյսին տակ (Պէյրութ, 1984):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES