«Շնորհալի» Երգչախումբը Փառաբանեց. Հայ Գիրքը Եւ Հայոց Լեզուն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Շնորհալի» երգչախումբը ներկայացուց իր համերգը` նուիրուած հայ գիրքին, հայ տպագրութեան 500-ամեակին (1512):

Ներկայ էր հանդիսականներու հոծ բազմութիւն, «Սիրան Մանուկեան» ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին համերգին հանդիսապետող եւ «Հայ գիրքի տարուան» առիթով պատգամը եւ հռչակագիրը փոխանցած Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, միաբանական դասի անդամներով:

Համերգային յայտագիրը կը բովանդակէր հայոց լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր, որոնց կը միանար նաեւ արտասանութիւնը, ասմունքողներ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, Համբարձում սրկ. Պալըգճեան (Սիամանթօ. «Գիւտին փառքը») եւ Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան (Գէորգ Էմին. «Մեր այբուբենը»): «Շնորհալի» երգչախումբը մեկնաբանեց հայոց լեզուի թեմայով խմբերգներ` խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեանի: Համերգը պայծառացաւ նաեւ մեներգողներով: Լիրիք սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Հայոց տառեր»-ը, երաժշտ. Ալեքսէյ Հեքիմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Մակար Եկմալեանի «Հայր Մեր»-ով սկսած համերգը շարունակուեցաւ Շահան Պէրպէրեանի յօրինումներով մեկնաբանուած խմբերգներով, ինչպէս` «Քրիստոս պատարագեալ» (մեներգող` Շողիկ Թորոսեան), «Ետեւէս եկուր» (մեներգող` Յովիկ Թարֆանեան), «Խաչը» (մեներգող` Համազասպ Մաթոյեան):

Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի «Մեսրոպաբոյր»-ը ասմունքեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան: Կոմիտաս վարդապետի «Այ իմ վարդին» խմբերգին միացաւ Շ. Պէրպէրեանի «Հելինէ» խմբերգը` հազուադէպօրէն լսուած (մեներգող` Կարօ Քելեշեան):

Յայտագիրը շարունակուեցաւ ժողովրդային զուարթ խմբերգով մը` «Հալալէ ջան, Լալէ»:

Երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեան նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը եւ «Ծիրանի ծառ»-ը: Վահան Թէքէեանի «Լեզուն որով գրեցի» քերթուածը մեկնաբանեց Իրման: Սիլվա Կապուտիկեան «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան հետեւողութեամբ խմբերգին մեներգները կատարեցին Անայիս Կետիկեան եւ Մարիա Եսայեան:

«Ով մեծասքանչ դու լեզու» անմոռանալի բանաստեղծութեան տոքթ. Մեզպուրեանի հետեւողութեամբ յօրինուած խմբերգը, (երաժշտ. Կոմիտաս վարդապետի) ունեցաւ ասմունքի բաժին:

«Հայ գիրքի տարի»-ին նուիրուած վեհափառ հայրապետին հռչակագիրէն հատուածներ կարդաց Գարեգին աբղ. Շխըրտըմեան: Յաջորդ խմբերգը եղաւ մաղթերգ մը «Ձօն Արամ Ա. կաթողիկոսին» (խօսք` Շահանդուխտի, երաժշտ. Թորգոմ վրդ. Տոնոյեանի, դաշնաւորում` Վահրամ Էմիիեանի):

Երգչախմբային մեկնաբանութեանց աւարտին ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին այնքան բծախնդրութեամբ եւ թեմայի ճաշակով պատրաստուած համերգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Տաթեւիկ Արթինեանի: Երեւոյթ մը` մշակութային մեր կեանքին մէջ, որով փառաւորուեցան գիրքը, հայոց տառերը, հայոց լեզուն, ամենայն գովերգութեամբ:

Համերգի աւարտին հրաւիրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ իր պատգամով շեշտը դրաւ հայ գիրքի անհրաժեշտութեան` հայ տուներէն ներս, հայ ընտանեկան յարկին տակ, հայ աշակերտին եւ հայ մարդուն իբրեւ անբաժան ընկեր եւ լուսատու բարեկամ:

Վեհափառ հայրապետը այս համերգին գնահատականը կատարելով` շեշտեց. «Այս համերգը սովորական երգահանդէս մը չէ, այլ` Հայ գիրքի փառաբանանքը, հայ գիրքի սրբազան պատարագը: Հայ գիրքը մեր կեանքին մէջ եղած է կենդանի եւ կենդանանար ներկայութիւն: Հայ գիրքը տարբեր է իր խորհուրդով, իր ոգիով եւ իր պատգամով: Հայ գիրքին մէջ կայ հայու հոգին, հայու հաւատքը, հայու կամքը, հայու տեսիլքը: Ան կը պաշտպանէ հայութեան դիմագիծը: Առանց հայ գիրքի` մեր կեանքը դատարկ է, ճամբան մութ է, անիմաստ եւ անդիմագիծ: Հայ գիրքն է մեր ժողովուրդին անմահութեան ճամբան»:

Վեհափառ հայրապետին հայաշունչ, հայատրոփ եւ հայակերտ խօսքերը դիմաւորուեցան ջերմ ծափողջոյններով, ապա «Շնորհալի»-ն մեկնաբանեց «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Յաւէտ յիշատակելի հայանուէր համերգ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES