3-4 ՄԱՅԻՍԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 3-4 մայիսին Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի պիտի ունենայ հաւաքականին հերթական կարճ հաւաքը:
Նազարեան, որ իր պաշտօնը ստանձնեց 1 ապրիլին, խումբին հետ իր առաջին հաւաքը կատարեց 13-14 ապրիլին:
Իր խօսքին մէջ Նազարեան ըսաւ, որ այս հաւաքին համար նկատի առած է արտասահմանի մէջ ելոյթ ունեցող մարզիկներ Գէորգ Պատալեանը եւ Մասիս Ոսկանեանը:
«Պիտի փորձենք մարզիկներ, որոնց ունեցած կարողութեան ծանօթ չենք, Կը յուսամ, որ կազմը շուտով կրնամ հրապարակել: Իմ ամէն կարելիս կ՛ընեմ, որպէսզի բոլոր դիրքերուն վրայ ալ խումբը օժտուի փորձառու մարզիկներով: Կարգ մը դիրքերու վրայ մարզիկներ գտնելու մէջ քիչ մը դժուարութիւն կ՛ունենամ, սակայն մեծ յոյսով եմ, որ յաջողիմ զօրաւոր կազմ մը մէջտեղ բերել», ըսաւ Նազարեան:
Հայաստան Եւրօ-2013-ի մրցաշարքի զտումի իր մրցումներուն պիտի սկսի յառաջիկայ յունիսին` իր առաջին մրցումին հիւրընկալելով Մոնթենեկրոն:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յատուկ նամակ մը ուղարկած է Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին` ձեռք ձգել կարենալու համար նախորդ փետրուարին տեղի ունեցած Մակեդոնիա – Մոնթենեկրօ ֆութպոլի մրցումին վիտէօ-երիզը:
Նազարեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ մինչեւ յունիս այլ կարճատեւ հաւաք մը եւս կը մտադրէ կատարել: