ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ՊՈՐՈՒՍԻԱ ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւրեմպերկի, հանդիսացաւ 2010-2011 տարեշրջանի ախոյեան, հակառակ անոր որ խումբերը ցարդ երկու մրցում ունին կատարելիք:
Տորթմունտ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ութ կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պայէր Լեւերքուզընի վրայ, որ նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Քէօլնէն:
3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պայէրն Միւնիխ, որ ունի 59 կէտ: Անիկա 13 կէտով ետ կը մնայ Տորթմունտէն:
CATEGORIES Մարզական