«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ – ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ

Այսօր տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Վաղը` չորեքշաբթի, 4 մայիսին, Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Շալքէն: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Թէ՛ Պարսելոնա եւ թէ՛ Մանչեսթըր Եունայթըտ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեցին իրենց դաշտէն դուրս:

Ռէալ Մատրիտ դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Սերճիօ Ռամոսի եւ Փեփէի, իսկ Պարսելոնա` առանց Խոսէ Մանուէլ Փինթոյի (բոլորն ալ` կախակայուած):

Նշենք, որ վերոնշեալ չորս խումբերն ալ նախորդ շաբաթավերջին ախոյեանութեան գծով իրենց կատարած մրցումներուն պարտութիւն կրեցին:

Share this Article
CATEGORIES