ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԽՈՀԵՐՈՎ

Նստած եմ հայ մարդոցմով ու յոյն հրաւիրեալներով լեցուած ընդարձակ սրահին մէջ: Գաղութային գործակցութեամբ ապրիլի ոգեկոչական ձեռնարկներու շարքէ մը ետք,  եզրափակիչն է` հովանաւորութեամբն ու ծախսովը Ատտիկէի նահանգապետութեան: Յունական օրէնքով եւ ըստ պետական որոշումի, պաշտօնական հանգամանք կը կրէ հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան յիշատակումի  օրը, որուն արարողակարգին կը մասնակցին` խորհրդարանի նախագահութիւնը, կառավարութիւնը, խորհրդարանական կուսակցութիւնները, զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը եւ յանուն իրենց ներկայացուցած հաստատութիւններուն ու պատկան մարմիններուն, կենդանի խօսքով, ինչպէս նաեւ Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին վրայ ծաղկեպսակներ զետեղելով կը յարգեն յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:    Եզակի երեւոյթ` ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

Կառավարութեան ներկայացուցիչ նախարարուհին, խորհրդարանի փոխ նախագահն ու քաղաքական կուսակցութեանց պատուիրակները հերթով խօսք կ’առնեն ու բեմէն ներկաներուն կը փոխանցեն իրենց նախագահներուն ողջոյնները` միաժամանակ ամէն տարուան պէս կը յայտնեն զօրակցելու պատրաստակամութիւն` հայութեան արդար դատին:

Ես ինքս հոն եմ, բայց բեմին հետ չեմ: Միտքս կլանուած է տարաբնոյթ խոհերով, որոնք զիս  կը մեկուսացնեն  սրահի մթնոլորտէն ու կը յանձնեն անցեալ ժամանակի ալիքներուն: Կը մտածեմ, թէ գաղթականութենէն մինչեւ ներկայ պահը, հոգեհանգստեան աղօթքներու մէջ մխիթարանք փնտռելու օրերէն մինչեւ եզրափակիչ այս բնոյթի ձեռնարկներ` մեր ճամբորդութիւնը անօրինակ մաքառում մը եղաւ ժամանակին, տարածութեան, տիրող պայմաններուն ու անասելի խարդաւանանքներու դէմ: Վերականգնումի հսկայ ճիգով, շատ կարճ ժամանակի մէջ յաջորդական  սերունդներ թօթափեցին ընկճուածի հոգեվիճակն ու սուգի վերարկուն եւ ցուցական-քարոզչական, քաղաքական-յարաբերական ճակատի վրայ, երբեմն նաեւ ընդյատակեայ պայքարի ընտրանքով, այնպիսի խիզախումներ ունեցան, որ այսօր, հոս թէ այլուր, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական այրեր, ակադեմական անձնաւորութիւններ, նահանգապետ-քաղաքապետներ թէ լրագրողներ, իբրեւ  բարի կամքի արտայայտութիւն ու արդարութեան կողմնակիցներ, մեզի հետ են, մեր կողքին են:

Կը թուի, թէ մինակութեան ողբերգութեամբ ապրած մեր ազգը մինակ չէ այլեւս: Ունի  բարեկամներ` ամէն կողմն աշխարհի… Գոնէ տարին մէկ անգամ, նահատակաց յիշատակումի սա օրերուն այդ է, որ կը լսուի օտար պաշտօնական շրթներէ. «Մենք ձեզի հետ ենք, ձեր կողքին…»: Սուտ թէ իրաւ` կարեւոր չէ: Լսուածներուն մէջ անժխտելի իրաւը գէթ այն է, որ մենք ինքնահաստատուած ենք, կանք, պայքարի ճակատին վրայ:

Սակայն ամէն տարի կրկնուող այս միջոցառումներն ու ելոյթները կարծես թէ ստացած են ալ բնոյթը ծիսակատարութեան մը, որուն ամէն տարի կրկնութեան երկարաձգումը  թերեւս չէզոքացնէ ներգործութիւնը եւ մաշումի օրէնքով  վտանգէ ու մաշեցնէ  պատգամը, կ’ըսեմ ինքզինքիս:

Կը փորձեմ զիրար խաչաձեւող տարբեր-տարբեր մտածումներս դասաւորել: Կ’եզրակացնեմ, թէ ամէն ծէս կը խտացնէ խորհուրդ մը եւ մարդ այդ խորհուրդին կը կապուի ծէսին կատարումով: Պարզագոյն ձեւակերպումով եւ նահատակներու յիշատակին ընծայուած յարգանքէն անդին` ո՞րն է խորհուրդը ոգեկոչական այս ձեռնարկներուն ու եզրափակիչին. յաղթանակի զգացո՞ւմը, վերականգնումի փա՞ստը, պահանջատիրական պայքարի ուխտի վերանորոգո՞ւմ: Վստահաբար` երեքը միասնաբար ու տակաւին  աւելին:

Տարօրինակօրէն, եւ ուրկէ ուր, կը մտաբերեմ խօսքը համայնավար գործիչ-մտաւորականի մը  (Պապովեան ?), որ կը ձերբակալուի փետրուար 18-ի ապստամբութեան օրը: Ոչ բառացի իր յայտարարութիւնը. «Տիրող ներկայ պայմաններու մէջ ոչ մէկ ազգի տրուած է  համարձակիլ կատարելու ապստամբութիւն մը, որ  անհեռանկար է եւ յառաջագունէ դատապարտուած` ձախողութեան, բայց որ ցոյց կու տայ հերոսածին ազգի մը հերոսական ոգիի ինքնաբուխ պոռթկումը»: Ու կ’աւելցնէ. «Իբրեւ մարդ` կը զարմանամ, իբրեւ համայնավար` կը դատապարտեմ, իբրեւ հայ` հպարտ եմ»:

Ես ալ անոր հետեւողութեամբ կը մենախօսեմ, անձայն.

Իբրեւ մարդ` կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս այս ազգին մնացորդացը անմարդկային սոսկումներու եւ արհաւիրքներու մէջէն յաղթական վերականգնեցաւ, հայրենիք կերտեց, սփիւռք կազմակերպեց եւ դարձաւ հաւասարարժէք անդամ միջազգային ընտանիքին: Երէկ ապաստանի ու արդարութեան խնդրարկու, այսօր` իրաւունքի պահանջատէր: Եւ այնքան ինքնավստահ, որ նոյնիսկ մեծազօր Ամերիկայի ամենազօր նախագահին քուէ չտալու շանթաժով կը թելադրէ Ցեղասպանութիւնը  ընդունած ու դատապարտած ըլլալը արար աշխարհին բարձրաձայնէ` նախագահական պաշտօնականութեամբ…

Իբրեւ ազգի մնացորդացէն սերած մէկը` ամբողջ էութեամբս  կը դատապարտեմ ահաւոր ոճիրը, ինչպէս նաեւ քաղաքակիրթ մարդկութեան երկդիմի վերաբերումը` Ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Իբրեւ հայ` հպարտ եմ:

– Հպա՞րտ, երբ մէկուկէս միլիոն նահատակներու ողբերգութիւնը կայ,- կը յուշէ խիղճս:

– Այո՛, հպարտ: Պատմութեան վկայութեամբն իսկ իմ ազգի ոգիի տոկունութեան գաղտնիքը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ան իր ողբերգութիւնները մի՛շտ ալ դիմագրաւած է հպարտութեամբ: Նահատակութիւնը ողբերգութիւն է, բայց նաեւ` հերոսութիւն: Նորագոյն ժամանակներու մէջ մէկուկէս միլիոն  եւ աւելի հերոսներ ունեցող ազգի մը զաւակները  ողբերգութեան դիմաց  կը գալարուին դառնագոյն զգացումներով, բայց եւ կը հպարտանան հերոսութեան համար:- Եւ խիղճս կը հանդարտեցնեմ հիմնաւորելով, թէ արդէն չկայ ճշմարիտ հերոս, որուն վիճակուած չըլլայ ողբերգական աւարտ:

Հերոսական ոգին է, որ կը յաղթէ ճակատագրին: Վկայ է իմ ազգի անցեալը, հին թէ նոր:

Եզրափակիչ հանդիսութեան ատենավարը յայտագրին աւարտը կը յայտարարէ:

Տեղատարափի տակ ժողովրդային թափօրի երթն է հիմա դէպի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը` ի յարգանս նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակներ զետեղելու արարողութեան համար:

Անձրեւանոցս բացած` կը հետեւիմ երթին, միաժամանակ կը ջանամ խառն մտածումներս դասաւորել:

Ամէնուր կը շարունակուի ազգին երթը` արդարութեան եւ իրաւունքի պահանջով եւ յաղթելու կամքով:

Երթը սկիզբ  կ’առնէ  հին-հին դարերէն եւ կ’ուղղուի յաւերժութիւն: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ հին ու նոր դէմքեր մասնակից են երթին.

– Արտաշէսն ու Տիգրան Մեծը: Մին Հայաստանը սահմանագծեց, հայրենիքի գաղափարը յղացաւ ու ամրապնդեց եւ կտակեց յետնորդներուն: Երկրորդը այդ հայրենիքը հզօրացուց եւ Հռոմի ախոյեան դարձուց:

– Մաշտոցը` այր հանճարեղ ու մշակոյթի հիմնադիր եւ ազգի գոյատեւման անխոցելի զրահ: Անոր կողքին` աշակերտ Մովսէսն է Խորէնք գիւղէն, ազգի պատմահայր, որ իր հետազօտիչ պեղումները հասցուց մինչեւ Հայկ Նահապետ եւ անով իսկ անձնագիր տուաւ իր ազգին:

– Նարեկացին, որուն «Մատեան ողբերգութեան»ը` մարդու երեւակայութիւնը ահաբեկող յուզական թռիչքով Նարեկը հնարաւորութիւն ստեղծեց, որ ազգը կարենայ խօսիլ Աստուծոյ հետ:

– Կոմիտասը, որ ազգի հեթանոսական հին երգերու անմահութիւնը երաշխաւորեց` կենդանութիւն ժառանգելով յետնորդներուն. «Ով երգ չունի, պիտի մեռնի»:

Կեանքի պատրանքը նպատակով է, որ իմաստ կը ստանայ: Եւ ահա Սիամանթոն է, որ իբրեւ շեփորահարը ազգին` կ’ազդարարէ վճռապէս. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»…:

Երթը կը շարունակուի յուշադամբաններէն ու Ծիծեռնակաբերդէն ալ անդին: Հայաստանի մէջ` մշտական ստեղծագործութեամբ, յարատեւ կառուցումով, իսկ սփիւռքի տարածքին` կորսուած հայրենիքի կարօտով:

Երթին մաս կը կազմեն ազգին բոլոր զաւակները: Նաեւ` մտքի, զէնքի, աշխատանքի թէ հաւատքի հերոս նահատակները: Չէ՞ որ երթին մասնակից է պատմահօր սերնդակից, Քաջն Վարդանի հերոսութիւնը անմահացնող հեղինակը` լուսապսակ Եղիշէն, որ իր գրիչով իմաստ տուաւ մահին, պատգամելով` իմացեալ մահն է…

Անձրեւին տարափը կը սաստկանայ ու զիս կը վերադարձնէ շրջապատին: Անծանօթ զինուորի յուշադամբանի հրապարակէն խռնուած մարդոց աճապարանքով մեկնումը հասկցնել կու տայ, որ ծաղկեպսակներ զետեղելու արարողութիւնը վերջ գտած է:

Խխում դարձած` մտածումներս կը թօթափեմ եւ քայլերս կ’ուղղեմ դէպի մեթրոյի կայան, տուն վերադարձի:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES