ԱՆՁԱՆՁՐՈՅԹ` ԿՐԿԻՆ 96-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Զատիկ էր: Պայծառ, արեւոտ կիրակի: Փարիզ: Շուրջ տասը հազար հայեր տողանցեցին աշխարհի գեղեցկագոյն պողոտայէն մինչեւ Դաւիթ Երեւանցիի Կոմիտասի քանդակը: Խայտաբղէտ ժողովուրդ մը, մեծեր ու երիտասարդներ` ջերմացնող: Կրնայինք երեսուն կամ քառասուն հազար ըլլալ…

Բարձրախօսներէն հնչող երգեր, կարգախօսներ: Նաեւ` ճառեր, որոնք չէին հասկցուեր, չէին լսուեր բարձրախօսներու խժալուր աղմուկին մէջ, թէեւ մտիկ ընելու ցանկութիւն ունեցողներ ալ չկային: Բայց, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, «յաջող» ցոյց մըն էր, քանի որ տօնական օրով, արեւոտ եւ պայծառ կիրակի մը այդքան մեծ թիւով մարդիկ խմբուած էին: Պոռացինք` «ժենոսիտ արմէնիէն», բայց գէթ ես մէկ անգամ չլսեցի Հայոց ցեղասպանութիւն, յիշեցում մը, որ կը նշանակէ, թէ ժենոսիտէն ետք էթնոսիտը ընթացքի մէջ է, ՄԱԿ-ի ընդունած համաձայնագրով երկուքն ալ հաւասարապէս մարդկութեան դէմ ոճիր են:

Գոհ տուն վերադարձած էի, քանի որ տեսողութեանս դաշտէն հեռու մնացած ծանօթներ տեսայ, իւրաքանչիւրը հետեւած էր իր ուղիին, կեանքի պարտադրած զիկզակներով, հայկական սփիւռքի տարօրինակութիւններով բեռնաւոր, որոնք կը վկայեն մեր բազմագոյն տեղատուութիւններու մասին:  Ապրող վէպը հայերու, «ծագումով հայերու», երբեմն նաեւ (յաճախ) խառնածիններու, արդիականութիւն,  որ մեր մաշումն է:

Երեկոյեան ես ալ «զափինկ» ըրի` արշաւելով հեռատեսիլի մէկ կայանէն միւսը, տեսնելու համար հայոց տասը հազար հոգի հաշուող ցոյցէն գէթ ակնթարթային պատկեր մը: Ես ոչինչ տեսայ: Եթէ տեսնողներ եղան, բախտաւոր են, եւ ես ներողութիւն կը խնդրեմ անճարակութեանս համար, եւ խօսքս պէտք չէ դիմաւորել որպէս ապատեղեկատուութիւն:

Նաեւ, օրուան ընթացքին իմացած էի, որ արդարութեան ջատագով Ամերիկայի նախագահը, ինչպէս իր նախորդները, ինչպէս ինք (մոռնալով իր յայտարարութիւնը, երբ թեկնածու էր), հողմացոյցի պէս դառնալով, չէր ըսած ցեղասպանութիւն, այլ գրեթէ անվնաս դարձած միւս բառը` ջարդ… Երբեմն կը մտածեմ, որ լաւ է այսպէս, քանի որ եթէ ըսէր ցեղասպանութիւն, ինչպէ՞ս պիտի շարունակուէր քարոզչական արշաւը, ի՞նչ պիտի ըլլար անոր բովանդակութիւնը, քանի որ, տասնամեակներէ ի վեր, «ճենոսայտ» բառի կողքին, ուրիշ բան դադրած ենք դնելէ:

Մեր քարոզարշաւը լուրջի չեն առներ: Այլապէս ֆրանսական հեռատեսիլի կայաններէն մէկը կամ միւսը երկու խօսք պիտի ըսէր, երկու պատկեր ցոյց պիտի տար: Մէկ օր առաջ  «Արթէ» հեռատեսիլի կայանէն սփռուած «Աղէտ» գերմանական վաւերագրային ժապաւէնը պարզապէս հրաշալի էր` բովանդակութեամբ եւ որակով: Հիմա կը մտածեմ, որ Կոմիտասի քանդակին առջեւ մեր բոլոր ճառերէն աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար մեծ պաստառի մը վրայ ցուցադրել այդ ժապաւէնը: Հիմա, ինչո՞ւ այդ ժապաւէնը չցուցադրել տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչո՞ւ խտասալիկներ չպատրաստել եւ չտարածել, ոչ միայն հայերուն համար, այլ նաեւ` ուրիշներուն, օտարներուն, մասնաւորաբար` թուրքերուն, որոնք պիտի չլսեն հայերը, այլ Մորկանթաուն, Քարեն Եփփէն, Լեփսիուսը, Քունցլերը եւ միւսները:

Ի դէպ, հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ քանի՞ հայեր նամակ գրեցին ֆրանսական հեռատեսիլի ընկերութիւններուն` բողոքելու համար տասը հազար ցուցարարներու անտեսման դէմ: Պատահեցաւ, որ նման պարագայի կոչ եղաւ, ընդվզած հակազդողներ եղան, եւ անտեսման հեղինակը ինքնարդարացման եւ բացատրութեան հրապարակային արտայայտութիւն ունեցաւ:

Կը կրկնեմ հարցումս. բողոքողներ եղա՞ն անթաքոյց անտեսման դէմ:

Թերեւս կրկին պէտք է յիշեցնել, որ երկու դարէ ի վեր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ կայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ յարաբերութիւններու շրջանակներուն մէջ, որ իսկական ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑ էր մինչեւ քսաներորդ դարու առաջին քառորդը եւ հիմա չէ:

Իսկ ե՞րբ պիտի պատահի, որ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅ ԴԱՏ:

Այդ ԴԱՏը ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆի պահանջն է, որուն համար պէտք է ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ յարուցել:

Այդ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑը կրնայ յարուցել իր նուազագոյն արտայայտութեան վերածուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, քանի որ իրաւական ճանաչում ունի:

Այդ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑը կրնան յարուցել ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԻՐԱՒԱՅԱՋՈՐԴՆԵՐԸ, այսինքն` սփիւռքը:

Այս ձեւով, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑը կը դառնայ ՀԱՅ ԴԱՏ, եւ միջազգային համայնքը կը դադրի Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուալու անպատասխանատուութենէն, եւ հեռատեսիլի կայաններէն տասը հազար բողոքողները չեն անտեսեր:

Հիմա պիտի սպասենք տարի մըն ալ, նոյն դիպաշարը կրկնելու եւ չորս տարի` հնչեղ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ կազմակերպելու:

Կամ պիտի ընե՞նք այնպէս, որ իրարանցումները չծառայեն ներքին սպառման…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

27 ապրիլ 2011, Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES