Թրքական Կառավարութիւնը ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարելու Համար Ամերիկեան Լրտեսական Յաւելեալ Օդանաւեր Կը Վարձէ
Թրքական կառավարութիւնը որոշած է բարձրացնել թիւը Միացեալ Նահանգներէն վարձուած լրտեսական օդանաւերուն` զանոնք ահաբեկչութեան դէմ, մասնաւորաբար Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ պայքարին մէջ օգտագործելու համար:
Թրքական արբանեակային պատկերասփիւռի կայան մը նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան ծիրին մէջ որոշուած է յունուար ամսուան ընթացքին վարձել «Քինկ Էր 350» տիպի չորս օդանաւեր, որոնք օժտուած են արհեստագիտական գերարդիական կազմածներով, որպէսզի այդ օդանաւերը յանձնուին թրքական բանակին` զանոնք «ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին մէջ օգտագործելու համար»:
CATEGORIES Միջազգային


