Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Պլումպըրկ Կ՛ուզէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը Գնել
«Վրեմիա»` վկայակոչելով «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի քաղաքապետ եւ «Պլումպըրկ» լրատուական գործակալութեան հիմնադիր Մայքըլ Պլումպըրկ «Տը Ֆայնենշըլ Թայմզ Կրուփ»-ը գնելու մասին կը մտածէ:
Բրիտանական վերոնշեալ ընկերութիւնը կը հրատարակէ նոյն անունը կրող թերթը եւ «Տի Էքոնոմիսթ» ամսագիրին մէջ 50 առ հարիւրի բաժնետոմս ունի: Պլումպըրկ հոկտեմբերին այցելած էր Լոնտոնի մէջ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի կեդրոնը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք չի՞ փափաքիր գնել թերթը, միլիառատէր Պլումպըրկ պատասխանած էր, որ «ատիկա ամէն օր կը ցանկայ»:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` վկայակոչելով իր սեփական աղբիւրները, կը գրէ, որ Պլումպըրկ բազմիցս ընկերներու եւ գործընկերներու հետ քննարկած է «Տը Ֆայնենշըլ Թայմզ Կրուփ»-ը գնելու դրական եւ բացասական կողմերը: Վերլուծաբանները նշեալ ընկերութեան գինը կը գնահատեն 1.2 միլիառ տոլարով:
Այլ հաւանական թեկնածու մը կը նկատուի «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան մրցակից ամերիկեան «Թոմսըն Ռոյթըրզ»-ը: «Պլումպըրկ» 2011-ին ունեցած է 7.6 միլիառ տոլարի եկամուտ, իսկ «Թոմսըն Ռոյթըրզ»-ը` 13.8 միլիառ տոլարի:
«Տը Ֆայնենշըլ Թայմզ Կրուփ»-ի սեփականատէր «Փիրսըն» ընկերութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ «Տը Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը ծախու չէ:


