Թուրքիա Տիեզերք Իր Երկրորդ Արբանեակը Ուղարկելու Կը Պատրաստուի
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը նախատեսէ 19 դեկտեմբերին տիեզերք ուղարկել իր երկրորդ արբանեակը, որ պիտի կոչուի «Կէօքթուրք-2»:
Արբանեակը տիեզերք պիտի արձակուի չինական «Ժիուկուան» կայանէն: Անիկա պիտի օգտագործուի զինուորական նպատակներով:
Կը հաղորդուի, որ այս արբանեակը Թուրքիոյ առաջին արբանեակէն` 17 օգոստոս 2001-ին ծիրի մէջ դրուած ՌԱՍԱԹ-էն երեք անգամ աւելի յստակ պատկեր կրնայ հաղորդել:
CATEGORIES Միջազգային