Թուրքիա Նոր Կազապահեստարաններու Կառուցման Հարցին Մէջ Ռուսիոյ Մասնակցութիւնը Կ՛ակնկալէ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր է ապագային ստորգետնեայ կազապահեստարաններու մէջ պահել օգտագործուող բնական կազի մինչեւ 15 առ հարիւրը, եւ այդ նպատակով մտադիր է մեծցնել իր պահեստարաններուն թիւը:
Թուրք նախարարը ըսած է, որ Թուրքիա պիտի փափաքէր երկրին մէջ այդ նոր կազապահեստարաններու ստեղծման գործին մէջ տեսնել ռուսական ընկերութիւններ:
«Թուրքիա 7-8 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պահելու կարելիութեամբ կազապահեստարաններու կարիք ունի: Անիկա նոր կազապահեստարաններու ստեղծման նախագիծին մէջ կը ցանկայ տեսնել ռուսական ընկերութիւններ», ըսած է ան:
Թուրքիա արդէն ստեղծած է երկրորդ ստորգետնեայ կազապահեստարանը կառուցելու նախագիծ մը, զոր կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2019-ին: