Մուրսի Բանակին Քաղաքայիններ Ձերբակալելու Իրաւասութիւն Կը Շնորհէ

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի նոր սահմանադրութեան շուրջ վիճելի հանրաքուէին նախօրեակին եգիպտական բանակին հրամայեց ապահովութիւնը պահպանել եւ պետական հաստատութիւնները պաշտպանել: Բանակը նաեւ քաղաքայիններ ձերբակալելու իրաւասութիւն ստացաւ:

Մուրսի հասարակական զայրոյթը մեղմացնելու ջանքով մը չեղեալ յայտարարեց սահմանադրական փաստաթուղթի յայտարարութիւնը, որ իրեն կը շնորհէր մեծ լիազօրութիւններ, սակայն մերժեց նոր սահմանադրութեան շուրջ 15 դեկտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն ջնջել:

Եգիպտոսի ընդդիմութեան ղեկավարները մերժեցին նախագահին քայլը եւ կոչ ուղղեցին այսօր բողոքի մեծ ցոյցեր կատարելու: Ընդդիմադիր ղեկավարներէն նախկին արտաքին գործոց նախարար Ամր Մուսա «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «ընդդիմութեան նպատակը նախագահը տապալելը չէ»:

Իսլամական խմբաւորումներ յայտարարեցին, որ այսօր հակադիր ցոյց մը պիտի կատարեն, ինչ որ երկու կողմերուն միջեւ Եգիպտոսի մայրաքաղաքի թաղերուն մէջ դարձեալ բախումներու հաւանականութեան մտավախութիւնը յառաջացուց: Սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը երէկ յայտարարեց, որ պոյքոթի կ՛ենթարկէ «Այո՛ օրինականութեան» նշանաբանին տակ այսօր տեղի ունենալիք ցոյցը:

Նախագահ Մուրսի այլ զիջումի քայլով մը առկախեց շարք մը ապրանքներու, ներառեալ` զովացուցիչներու, ծխախոտներու եւ գարեջուրի վաճառքին վրայ տուրքերու մեծ յաւելումը:

Նշենք, որ կիրակի օր ժողովէ մը ետք ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը յայտարարեց, որ պիտի չճանչնայ սահմանադրութեան նախագիծը, «որովհետեւ անիկա եգիպտացի ժողովուրդը չի ներկայացներ»:

Ճակատի բանբեր Սամեհ Աշուր յայտնեց, որ «մենք կը մերժենք հանրաքուէն, որ անպայման յաւելեալ պառակտումի եւ խռովութեան պիտի առաջնորդէ»: Սակայն Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւի արտաքին յարաբերութեանց քարտուղար Մոհամետ Սուտան յայտնեց, որ Մուրսի սահմանադրութեան հիմամբ ստիպուած է հանրաքուէն կատարելու, որովհետեւ սահմանադրութիւնը կազմած խորհուրդը արդէն իսկ թուականը յայտարարած է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES