«Սուրիոյ Տագնապի Լուծումը Տակաւին Կարելի Է» Կ՛ըսէ Իպրահիմի
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ «Սուրիոյ տագնապի լուծումը տակաւին կարելի է»` նշելով, որ «այս հարցին շուրջ եւ որեւէ քաղաքական լուծումի Ժընեւի համաձայնութեան կէտերուն վրայ հիմնուելուն անհրաժեշտութեան շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:
Իպրահիմի Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի հետ ունեցած իր ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ «ժողովը շինիչ էր եւ գործակցութեան ոգիով ընթացաւ»:
Ան յայտնեց, որ «քննարկուեցան քաղաքական հոլովոյթի մը յառաջ մղման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով միջազգային յաւելեալ աշխատանքի ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեան շուրջ տեղեկութիւնները պէտք է լուրջի առնուին», եւ եթէ այդ զէնքերը օգտագործուին, «ահաւորութեան վրայ աւելցող ահաւորութիւն մը պիտի ըլլայ»:
«Էր.Թէ.Էլ.-Լը Ֆիկարօ-Էլ.Սի.Ի.» յայտագրի ընթացքին ան յայտնեց, որ «Ֆրանսա, Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը զգուշացուցին` յայտնելով, որ շատ աչալուրջ են»: Ան հերքեց, թէ Սուրիոյ մէջ մասնայատուկ ուժեր կան` յայտնելով, որ «ֆրանսական մասնայատուկ ուժեր չկան եւ անիկա (Ֆրանսա) միջամտելու պատրաստ չէ»:
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման հարցին, Ֆապիւս ըսաւ, որ զէնքի մատակարարման եւրոպական արգելքը դեկտեմբերին միայն երեք ամիսով երկարաձգուեցաւ եւ այդ հարցը Պրիւքսելի մէջ դարձեալ պիտի քննարկուի:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա մտահոգ է, որ Ասատի վարչակարգին տապալումէն ետք Սուրիոյ քիմիական զէնքերը կրնան քիւրտերուն ձեռքը յայտնուիլ: Այդ իսկ պատճառով Անգարա սկսած է պատրաստուիլ նախագահ Ասատի տապալման:
Ըստ օրաթերթին, Սուրիոյ մէջ տիրող քաոսը թրքական բանակը պատերազմի պատրաստած է, եւ քաոսին յաջորդելիք ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ դերակատարութիւնը շատ հաւանական է:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Անգարայի մէջ կը քննարկեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ Ասատի իշխանութիւնը տապալի, այդ պարագային ի՛նչ պիտի ընեն Սուրիոյ քիւրտերը եւ ի՛նչ պիտի ըլլայ քիմիական զէնքերու ճակատագիրը:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Օրին զգուշացուց, որ սուրիական քիմիական որեւէ զէնք Հըզպալլայի փոխանցելը Իսրայէլի կողմէ «կարմիր գիծը խզել» կը նկատուի եւ «զայն պիտի նկատէ շրջանին մէջ խաղի կանոններու փոփոխութիւն»:
Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ եւ Արեւմուտքը «Սուրիոյ իրավիճակին մօտէն կը հետեւին, որովհետեւ Սուրիա աշխարհի վրայ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու մեծագոյն պահեստը ունի, ուստի Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մագլցումը այդ զէնքերը Հըզպալլայի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու փոխանցելու մտավախութիւնը ստեղծեց, ինչպէս նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ յուսահատ կառավարիչ Պաշշար Ասատը զանոնք իր ժողովուրդին դէմ կրնայ օգտագործել»:
«Ասատ Հըզպալլային 70 հազար հրթիռ մատակարարեց եւ տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու տասնեակ հազարաւոր հրթիռներ փոխանցեց, ինչպէս նաեւ փորձեց հիւլէական կայան մը ստեղծել, ուստի պէտք է հեռանայ», ըսաւ Իսրայէլի դեսպանը` աւելցնելով, որ «Սուրիա ունի տարբեր շրջաններու մէջ տարածուած տարատեսակ քիմիական զէնքերու հաւաքածոյ մը, որ կրնայ Հըզպալլայի ձեռքը իյնալ»:
Մինչ Դանիա սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ բոլոր պետութեանց կոչ ուղղեց խորհուրդը ճանչնալու:
Հէյկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու եւ Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Մաազ Խաթիպի միջեւ ժողովէն ետք յայտարարեց, որ «մենք իրենց ամբողջական ճանաչում շնորհեցինք եւ կը յուսանք, որ այլ պետութիւններ եւս Մարաքեշի մէջ Սուրիոյ բարեկամներու ժողովին ընթացքին զիրենք ճանչնան»:
Հէյկ չբացառեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած եւրոպական արգելքը մասնակի կերպով վերցուի, երբ երեք ամիս ետք որոշումը վերանորոգելու ժամանակը գայ: «Այդ քայլը զգուշ մտածել կը պահանջէ», նշեց ան:
Սուրիական ազատ բանակէն աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հաստատեցին, որ Քայիտայի հետ առնչուած «Նուսրայի ճակատ»-ը մեկուսացնելու որոշումը ներքին որոշում մըն էր եւ ոչ թէ արեւմտեան ցուցմունք մը:


