Ժոմպլաթ Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Ստանձնել Իր Պատասխանատուութիւնները` Աշխատավարձի Յաւելումներուն Հարցով
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները` պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն առումով:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ կառավարութիւնը փտածութեան եւ մսխումի կասեցման առումով լուրջ եւ յանդուգն քայլերու ձեռնարկելու փոխարէն կ՛ուղղուի դէպի պատեհապաշտական որոշումներ, որոնց հետեւանքը ծանր պիտի ըլլայ ամէն իմաստով:
Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ տուրքերու վերաբերող օրէնքները վերատեսութեան ենթարկել եւ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել դրամատնային տոկոսներու ու կալուածներու վրայ:
Ան հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչո՞ւ երկրին ելեկտրականութեան հարցը կարելի չէ լուծել եւ ո՞ւր են խոստացուած այն նաւերը, որոնք ելեկտրական հոսանք պիտի արտադրեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

