Շարպել Կը Հաստատէ Սպանութեան Թիրախ Նկատուող Անձնաւորութիւններուն Գոյութիւնը

Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յոյս յայտնեց, որ երկրին քաղաքական եւ ապահովական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` հակակշիռի տակ պահելու երկրին կացութիւնը, որպէսզի ինք վերադառնայ Պէյրութ:

Շէյխ Մալեք Շաար Վիեննա գտնուած ընթացքին ստացած մահուան սպառնալիքներէն ետք ուղղուեցաւ Փարիզ` մերժելով Պէյրութ վերադառնալ:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի մէջ Տար Ֆաթուայի տնօրէն շէյխ Մոհամի Իմամ յայտնեց, որ շէյխ Մալեք Շաարի դէմ ուղղուած մահուան սպառնալիքին հարցը լրիւ տարբեր է: Ան նշեց, որ այդ հարցը անձնական է եւ Թրիփոլիի հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Շէյխ Իմամ նկատել տուաւ, որ շէյխ Մալեք Շաար Պէյրութի մէջ ընթրիքի մը հրաւիրուած էր եւ ապա ուղղուած պանդոկ մը, ուր ան նկատած էր, թէ երիտասարդներու կողմէ արտասովոր շարժումներ կան: Ան աւելցուց, որ նոյն գիշերն իսկ ներքին ապահովութեան ուժերուն սպաներէն մէկը խորհուրդ տուած էր շէյխ Շաարի Լիբանանէն մեկնելու:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ միւֆթի Շաար իրեն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայէն եւ հարց տուած Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն մասին:

Շարպել շեշտեց, որ ինք հաստատած է միւֆթի Շաարին, որ անոր Լիբանան վերադարձին պարագային անհրաժեշտ ապահովական բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրուին` երաշխաւորելու համար անոր պաշտպանութիւնը:

Ներքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ նախարարութիւնը ունի շարք մը անձնաւորութիւններու անուններ, որոնք սպանութեան թիրախ կը նկատուին` աւելցնելով, որ միւֆթի Շաարին անունը եւս ներառուած է այդ անձնաւորութիւններուն անուանացանկին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )