Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Հաւանութիւն Կը Յայտնեն Մասնակցելու Ընտրական Օրէնքի Մշակման Նախարարական Սեղմ Յանձնախումբի Նիստին
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող շարք մը երեսփոխաններ երէկ երկրորդ անգամն ըլլալով հանդիպում մը ունեցան երեսփոխան Պութրոս Հարպի Հազմիէի բնակարանին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ երեսփոխանական հաղորդակցութեան յանձնախումբ մը կազմել` քննարկելու համար ընտրական օրէնքը:
Նիստէն ետք Հարպ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան կառավարութեան հետ գումարուելիք ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին` վերստին պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը եւ կոչ ուղղելով նոր կառավարութեան մը կազմութեան:
Հարպ ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն այն յայտարարութիւնները, թէ անհրաժեշտ է նոր կառավարութիւն մը կազմել Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:
Հարպ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համաձայն գտնուած են խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ կազմուած երեսփոխանական սեղմ յանձնախումբին նիստերուն մասնակցելու` քննարկելու համար ընտրական նոր օրինագիծը, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնել:
Հարպ աւելցուց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի շարունակեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իրենց խորհրդակցութիւնները` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով:

