Պըրրի Ընդունեց Եան Էլիասոնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Էլիասոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Էլիասոն շեշտեց, որ ՄԱԿ շահագրգռուած է Լիբանանի նկատմամբ իր օժանդակութիւնը աւելցնելով` նկատի ունենալով Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը:
Ան մաղթեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը յաջողութիւն արձանագրէ: Էլիասոն ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին նման որեւէ տագնապի մէջ գտնուող երկրի մը միակ եւ լաւագոյն միջոցը երկխօսութիւնն է:
Էլիասոն զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի` նշելով, որ ինք այցելած է նաեւ Նաքուրա, ուր ստուգած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը եւ գոհունակութիւն յայտնած հոն տիրող ապահովական կայունութեան համար: Ան բարձր գնահատեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ տիրող գործակցութիւնը: