Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Յատկացուած Կառավարութեան Յատուկ Նիստը Ապարդիւն Դուրս Եկաւ
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Կառավարութեան նիստը, որ յատկացուած էր պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերջնական վաւերացումին, ապարդիւն դուրս եկաւ` վերահաստատելով, որ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցներ չկան:
Աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումին նպատակով վարչապետ Միքաթի պատրաստած էր յատուկ ծրագիր մը, որուն քննարկումը չկատարուեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի բացակայութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, սակայն, կառավարութեան նիստին ընթացքին Թրիփոլին ինքզինք պարտադրեց իբրեւ հրատապ հարց:
Նախագահ Սլէյման անդրադառնալով Թրիփոլիի զինեալ միջադէպերուն շեշտեց, որ մերժելի է Թրիփոլին վերածել Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ապահովական վերիվայրումներուն եւ իրարանցումներուն արձագանգին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ բանակին կողմէ առնուելիք քայլերուն իմաստով որեւէ ձախողութիւն կրնայ պատճառ դառնալ բանակին տկարացումին:
Վարչապետ Միքաթի իր կարգին բարձր գնահատեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումներն ու անոր որդեգրած ապահովական ծրագիրը, որ իսկոյն գործադրուեցաւ Թրիփոլիի տագնապալի շրջաններուն մէջ:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուց Յունաստան կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ համայն արեւելքի պատրիարք Իգնատիոս Դ. Հազիմի վախճանումը ազգային մեծ կորուստ է:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին կառավարութեան ներկայացուց Իտալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները:
Թրիփոլիի նախարարները կառավարութեան նիստին ընթացքին իրենց ներկայացուցած շրջանին բողոքի ձայնը փոխանցեցին նախարարաց խորհուրդին: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ խիստ յարձակում գործեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի դէմ եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ան ամէն անգամ, երբ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներ արձանագրուին, կ՛ուղղուի դէպի Թրիփոլի:
«Արդեօք Շարպել որո՞ւն կ՛այցելէ, կռուողներուն կամ անոնց պատասխանատուներո՞ւն, եւ կոչ կ՛ուղղէ անոնց վե՞րջ տալու իրենց սկսած բախումներուն», հարց տուաւ Քարամէ` հաստատելով, որ այդ մէկը ներքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւնը չէ, այլ` «Ֆարահ Աթա» բարեսիրական միութեան առաքելութիւնն է:
Կառավարութեան նիստին որոշումները ներկայացուց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ յայտնեց, թէ աշխատավարձի յաւելումներուն գծով կառավարութիւնը յաւելեալ քննարկումներ պիտի կատարէ` նշելով, որ այդ թղթածրարը մնայուն կերպով քննարկումի առարկայ է:
Պաապտայի Մէջ
Մինչ կառավարութիւնը նախագահական պալատին մէջ կը գումարէր իր նիստը, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գործադրեց խորհրդանշական նստացոյց մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցան խորհուրդին պայմանները` վաւերացնելու համար աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ընդգծեց վաղը` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբերին ընդհանուր գործադուլ մը կատարելու իր մտադրութիւնը, եթէ կառավարութիւնը որոշէ աշխատավարձերու յաւելումները մասնավճարի դրութեամբ կատարել:
Աշխատաւորական սենտիքաներուն աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ իրենք վարչապետին եւ նախարարական սեղմ ու ընդարձակ յանձնախումբերու հետ թիւերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են եւ այդ համաձայնութեան հիման վրայ յայտարարութիւններ կատարած: «Անոնք պէտք է ամչնան իրենց ցուցաբերած այս կեցուածքէն», ըսաւ Ղարիպ:
Տնտեսական Խորհուրդները
Դարձեալ Կը Մերժեն
Կառավարութեան նիստին աւարտէն ետք, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար յայտնեց, որ երկրին ազգային տնտեսութեան դիմագրաւած տագնապալի այս հանգրուանին զուգահեռ պաշտօնեաներուն ստանալիք աշխատավարձերու յաւելումներուն պարագան յաւելեալ նիւթական բաց պիտի ստեղծէ Լիբանանի պետական գանձարկղին մէջ, ինչպէս նաեւ ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ ամբողջ երկրին տնտեսութեան վրայ:
Քասսար ըսաւ, որ վերոնշեալ թղթածրարին առաջին քննարկումէն իսկ իրենց կեցուածքը մերժողական է, որովհետեւ այդ թղթածրարը կը վնասէ երկրին ազգային տնտեսութեան:


