Ստեփան Սաֆարեան Այսօր Պիտի Վիճարկէ Մասնակի Ընտրութիւններուն
Այսօր Ժառանգութիւն կուսակցութեան քարտուղար Ստեփան Սաֆարեան թիւ 1 ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական մասնակի ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու մասին դիմում պիտի ներկայացնէ Սահմանադրական դատարան:
Ըստ Սաֆարեանի, դիմումը կը վերաբերի ընտրութիւններուն ընթացքին զանգուածային եւ համակարգային խախտումներուն, որոնք էական ազդեցութիւն ունեցած են ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:
Թիւ 1 ընտրատարածքին մէջ մասնակի ընտրութիւնները տեղի ունեցան 2 դեկտեմբերին: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հրապարակած արդիւնքներուն համաձայն, այդ ընտրատարածքին մէջ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Ռոպերթ Սարգսեան առաւելութեան հասաւ:
CATEGORIES Հայկական


