Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վարչապետ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ-ի Եւ Ուղեկից Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան շրջագիծին մէջ, 8 դեկտեմբերին ան հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիյարակոսայի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն եւ վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Նոյն օրը վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ի եւ քոյր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով ներկաները` վարչապետը յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ եւ ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս կը մտածենք մեր ապագայի մասին: «Մենք ունինք տասնեակ մը չլուծուած խնդիրներ, որոնք դուրսէն աւելի լաւ կ՛երեւին, քան ներսէն, բայց ատիկա երբեք չի նշանակեր, որ այդ խնդիրները կարեւոր չեն եւ լուծման կարիք չունին: Միեւնոյն ժամանակ ժողովուրդը շատ խստապահանջ է եւ մայր հայրենիքէն կը պահանջէ, որ այդ խնդիրները լուծուին ըստ կարելւոյն շուտ եւ արագ: Մէկ կողմէն իշխանութեան համար դժուար է, որովհետեւ ճնշումը շատ մեծ է, բայց միւս կողմէն` ես ուրախ եմ, որովհետեւ այդ դժգոհութիւնը, քննադատութիւնը կը նշանակէ, որ մենք ունինք շատ մեծ ներուժ, պիտի քալենք այդ փոփոխութիւններուն ճամբով եւ պիտի հասնինք յաջողութեան»:
Ընդունելութեան ժամանակ, վարչապետը ՀՅԴ-ի եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան իրականացուցած աշխատանքները, բարեփոխումները, ծրագրուած ընելիքներն ու տեսլականը:
Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեան պատասխանեց ներկաները հետաքրքրող բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին առողջապահութեան, ընկերային մարզին, փտածութեան, Արցախի բանակցային հոլովոյթին եւ սուրիահայութեան: