Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մեկնեցաւ Մոսկուա
Երէկ Մոսկուա մեկնեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` այսօր տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգին վրայ ընդգրկուած ԱՊՀ-ի շրջագիծին մէջ ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող տարբեր հարցեր:
Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու գործընկերներուն հետ եւ պիտի ստորագրուին երկկողմանի համագործակցութեան 2013 թուականի ծրագիրները:
CATEGORIES Հայկական

