50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1962)
«Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան
Ներկայացուցիչները Կաթողիկոսարանի Մէջ
Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Հիւրերուն
Լիբանանեան Արժանեաց Շքանշաններ
Տոքթ. Տը Փերտիկաոյի, Ռ. Կիւլպէնկեանի
Եւ Գ. Եսայեանի
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնական խնամակալ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ժոզէ տը Փերտիկաօ եւ հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպէր Կիւլպէնկեան, իրենց կիներով, երէկ` երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 1962, կէսօրէ առաջ, քանի մը ազգային վարժարաններու այցելութիւն տալէ ետք, կէսօրին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ ճաշի հիւրը եղան Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, կիպրահայոց կաթ. փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեան, Տեղեկատուութեան եւ ազգային ուղղութեան նախարար ու փոխ վարչապետ Ֆիլիփ Պուլոս, Փորթուգալի դեսպան Ա. Տը Սիկէյրա Ֆրէյր, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Վարդգէս Շամլեան` իրեն կիներով, Ազգ. գաւառական ժողովի ատենապետ Վահէ Սէթեան, ազգ. քաղաքական ժողովի ատենապետ Ռուբէն Մավիսագալեան, ատենադպիր Գառնիկ Բանեան` իրենց կիներով, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի Լիբանանի կրթական յանձնաժողովի անդամներէն Յ. վրդ. Մըսըրեան, տէր եւ տիկին Տիրան Աճէմեան եւ տոքթ. Բ. Մկրտիչեան, Ազգային բուժարանի խնամակալ մարմինի ատենապետ տոքթ. Թապուրեան, ատենադպիր տոքթ. Յովհաննէս Սրապեան, իրենց կիներով եւ գանձապահ, Երուանդ Էքմեքճեան, ճարտարապետներ` Յարութիւն Աւետեան, Փասքալ Բապուճեան եւ Հայկ Պալըքճեան` իրենց կիներով:
Ճաշէն ետք փոխ վարչապետ Ֆիլիփ Պուլոս ֆրանսերէնով լեզուով գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց` դրուատելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կատարած օգտակար դերը եւ իբրեւ գնահատանք Լիբանանի հայ համայնքին իր ունեցած կարեւոր օժանդակութիւններուն, յանուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի, Մայրիներու ազգային կարգի հրամանատարի բարձր շքանշանով պարգեւատրեց տոքթ. Ժոզէ Տը Փերտիկաոն, իսկ մայրիներու ազգային կարգի սպայի շքանշանով Ռոպէր Կիւլպէնկեանը:
Վեհափառին յանձնեց Մայրիներու ու ազգային կարգի սպայի շքանշան մը ուղարկելու համար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնական խնամակալ վարչութեան անդամ Գէորգ Եսայեանին:
Վեհափառը բաժակ առաջարկեց նախագահ Ֆուատ Շեհապի կենացը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրման համար:
Տոքթ. Ժոզէ տը Փերտիկաօ շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդաց ֆրանսերէնով եւ բաժակ առաջարկեց հանրապետութեան նախագահին կենացը:
Յարգելի հիւրերը վեհափառ հօր հետ խորհրդակցութիւն մը ունենալէ ետք, ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազանին եւ բուժարանի խնամակալ վարչութեան անդամներուն, այցելութեան գացին Ազունիէ:
Միջին Արեւելքի մէջ շրջապտոյտ մը կատարելէ ետք, այսօր` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր, օդի ճամբով յարգելի հիւրերը պիտի վերադառնան Փորթուգալ:
Զուքի Պալատին Մէջ
Երէկ առտու Ժոզէ տը Փերտիկաօ եւ Ռոպեր Կիւլպէնկեան Զուքի պալատին մէջ ընդունուեցան հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Նախապէս «Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան երկու ներկայացուցիչները սերայի մէջ ընդունուած էին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի կողմէ ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ֆիլիփ Պուլոսի:

