«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Այնճար` Կազմաւորման Տարիներուն
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ալեքսանտրէթի սանճաքի Թուրքիոյ կցումէն ետք, 1939-ին Մուսա լերան վեց գիւղերու բնակիչները ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններու կարգադրութեամբ Լիբանան փոխադրուեցան եւ Այնճարի մէջ տեղաւորուեցան:
Պեքաայի դաշտին մէջ, Անդրլիբանանեան լեռնաշղթային արեւմտեան կողմի ստորոտը, Պէյրութ-Դամասկոս ճամբուն վրայ գտնուող Այնճար պատմական հին բնակավայր եղած է: Անիկա պատմութեան մէջ կարեւորութիւն ստացած է իր դիրքին շնորհիւ, իբրեւ Համա-Թիպերիատ-Լեռնալիբանան-Դամասկոս միացման ճամբուն վրայ գտնուող կայան: Անոր անունը կը կարծուի տեսնուած ըլլալ Եգիպտոսի Մետինէթ Հապու տաճարին մէջ գտնուող Ռամսէս Գ. փարաւոնի արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ: Անունը հաւանաբար յունական ծագում ունի. Ճերրա, որ հետագային եղած է Այն էլ Ճերրա (Ճերրայի ակը): Արամէական Զոպահ թագաւորութեան կազմէն ներս անիկա բարգաւաճ բնակավայր եղած է: Ճերրա յիշուած է Ն. Ք. 215-ին, Եգիպտոսի Պտղոմէականներուն դէմ սելեւկեան Անտիոքոս Գ.ի մղած պատերազմներու նկարագրութիւններուն մէջ: Յունական եւ հռոմէական արձանագրութիւններ յիշած են, որ Ճերրա բերդը կը գտնուէր Պրոքոյ բերդին հանդիպակաց կողմը. Պրոքոյ հաւանաբար Շթորայէն վեր գտնուող Այն Պարաքան է:
Ա. դարուն ոստան կառուցուած է հոն: Անիկա վերաշինուեցաւ օմայեատներուն օրով եւ պալատ կառուցուեցաւ հոն: Միջնադարուն Այնճար իջեւան բնակավայր էր Դամասկոսէն Պէյրութ երթեւեկող կարաւաններուն համար: Օսմանցիներուն օրով Այնճար սուլթանին ամարանոցներէն մէկը եղաւ: Այնճարի դաշտին մէջ էմիր Ֆախրէտտին պարտութեան մատնեց Դամասկոսի Մուսթաֆա փաշային բանակը:
Այնճար տեղափոխուած գաղթական հայութիւնը սկիզբը աւերակ պալատի շրջափակին մէջ, վրաններու տակ տեղաւորուեցաւ, ուր անոնք ապրեցան անձրեւին եւ ձիւնին տակ, մինչեւ որ Նոր տարիէն ետք սկսան նոր կառուցուող տուներուն մէջ տեղաւորուիլ: Ֆրանսացիներու օժանդակութեամբ կառուցուող բնակարանները բաղկացած էին մէկ սենեակէ եւ բաղնիքէ մը եւ ունէին տնամերձ հողամաս: Տուները բաժնուեցան Մուսա լերան գիւղերուն հիմամբ (Պիթիաս, Խտըրպէկ, Հաճի Հապիպլի, Եողուն Օլուք, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ) եւ այսպիսով վեց թաղեր կազմաւորուեցան: Իսկ կալուածները վիճակով բաժնուեցան ընտանիքի անդամներու թիւին համեմատ. իւրաքանչիւր ընտանիքի երեք հողամաս, երկուքը` անջրդի եւ մէկը ջրարբի: Իսկ անասունները քալելով Մուսա լեռէն Պասիթ, հոնկէ Թրիփոլի, Ռայաք եւ Ռայաքէն ալ փոխադրակառքերով Այնճար տեղափոխուած էին: Փորհարութեան համաճարակը սկսած էր Պասիթէն, Այնճարի մէջ ալ ծայր առաւ ճահնատենդի (մալարիա) համաճարակը, որոնք աւեր գործեցին ժողովուրդին մէջ: Ցուրտէն չսառելու համար մուսալեռցիք Այնճարի շրջակայ անտառները, ծառերը հատեցին եւ նոյնիսկ անոնց արմատները վառեցին:
Գաղթական ժողովուրդը սկիզբը մազէ վրանի տակ եկեղեցի եւ դպրոց հիմնեց: Ամայի տարածութիւնները հետզհետէ շէնցան: Կը մշակէին գլխաւորաբար ցորեն, գարի, եգիպտացորեն, սիսեռ եւ բանջարեղէն: Հետագային, 1950-ական տարիներուն սկսան մշակել պտղատու ծառեր: Յորդառատ ակը օգտագործուեցաւ. սկզբնական շրջանին ըմպելի ջուրը շատ մաքուր չէր եւ քիչ մը դժուարութիւն ունեցան մինչեւ որ ջուրը անապակ դարձաւ:
Մուսա լերան հայուհիները ճանչցուած էին իբրեւ տնաշէն եւ ձեռագործի վարպետ. տարածուած էին մաքոքի գործը եւ նուրբ ասեղնագործութիւնները:
***
«Ազդակ» 14 յունիս եւ 15 յունիս 1949-ի թիւերով եւ «Հայ կեանքը Այնճարի մէջ» խորագիրով թղթակցութիւններով կ՛անդրադառնայ տասնամեայ բնակավայրի հայ կեանքին:
«Հերոսական Ճեպել Մուսային պարտադրուած բռնադատեալ արտագաղթի տասնամեակը շուտով կը լրանայ:
Հեռաւոր ու պաշտելի Ճեպել Մուսայի` երբեմնի շէնշող, առ այժմ ամայի, ուր կասկամները միայն կը վայեն, հայաբնակ վեց գիւղերու չարաշուք արտագաղթը սկսաւ 1939 յուլիս 17-ին եւ վերջ գտաւ 23-ի կէս գիշերին: Վեց օրուան մէջ դատարկուեցաւ մեր ծննդավայր-հայրենիքը, զրկուեցաւ իր դարաւոր բնակիչներէն, զոհ դառնալով քաղաքական խաղերու:
Օրերով եւ շաբաթներով, կիզիչ արեւուն տակ, կայանէ կայան փոխադրուելով, 1939 սեպտեմբեր 14-ին վերջապէս հասանք մեր վերջին կայանը` մեր այժմու բնակավայրը, ուր կ՛ապրինք 10 տարիէ ի վեր:
Վիճակագրական.- Այնճար զուտ հայաբնակ գիւղաքաղաք մըն է, բաղկացած միմիա՛յն Ճեպել Մուսայի վեց գիւղերու հայ բնակչութենէն: Առժամաբար հոս փոխադրուած են նաեւ իրենց հայրենիքէն զրկուած պաղեստինցի արաբ գաղթականները:
Այնճար կը գտնուի Պեքաայի ընդարձակ դաշտի, Լիբանանի շտեմարանի, հարաւային կողմը: Սուրիոյ եւ Լիբանանի ճիշդ սահմանագծին վրայ, Պէյրութն ու Դամասկոսը իրար միացնող խճուղիէն քանի մը րոպէ հեռու: Գիւղաքաղաքի երկայնքն է 1800 մեթր եւ լայնքը 600 մեթր. կը բաղկանայ 1064 տուներէ: Տուները մէկական սենեակ են միայն, որոնք թէ ննջասենեակի, թէ ճաշասենեակի, թէ խոհանոցի եւ թէ հիւրանոցի կրկնակ դերերը կը կատարեն: Իսկ բարձրութիւնն է ծովու մակերեսէն 912 մեթր: Բաղդատած նախկին տարիներուն, այս տարի ձմեռը շատ խիստ եղաւ, մեծ վնասներ պատճառելով ցանքերուն: 14 անգամ ձիւն տեղաց:
Այնճարն ունի առատ ջուր. կլիման առողջարար է: Մալարիան կարծես բոլորովին չքացած է, հարիւրաւոր կեանքեր գերեզմանին գոգը առաջնորդելէ յետոյ: Այժմ ժողովուրդի առողջական վիճակը գոհացուցիչ է: Երբեմնի դալկահար դէմքերը, այսօր վարդագոյնի փոխուած են, կեանքի պայմաններուն զուգընթաց:
Նոր կազմուած վիճակագրութեան մը համաձայն, գիւղաքաղաքիս այժմու բնակչութեան ընդհանուր թիւն է 3227 հոգի, բաղկացած 587 ընտանիքներէ, հաշուըւած նաեւ այն ընտանիքները, որոնք առժամաբար Պէյրութ եւ այլուր կը բնակին: Երկու կարաւանով կատարուած ներգաղթէն առաջ տեղւոյս բնակչութեան ընդհ. գումարն էր 4756 հոգի:
Հայկական այս բոյնն ալ քանդել կամեցող ողորմելիները` չկրցան հասնիլ իրենց ազգակործան նպատակին:
Շրջանիս քաղաքապետութեան նախագահն է Յաբէթ Աբրահամեան, որ իր պաշտօնին տէրն է: Ան ժողովուրդէն սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն է, որովհետեւ ինքն ալ` իր կարգին կը սիրէ ու կը յարգէ այս ժողովուրդը, ինչպէս կ՛ըսէ առածը, «յարգէ՛, որ յարգուիս»:
Երեք յարանուանութիւններն ալ ունին իրենց առանձին եկեղեցիները Հայաստանեայց, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական: Հայաստանեայց Մայր եկեղեցւոյ զաւակները բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմեն. եկեղեցի չունինք: Նախկին շրջանին, երբ նոր էինք հաստատուած հոս, եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին վրան-եկեղեցիին մէջ: Յետոյ, երբ կառուցուեցաւ Մուսա լերան Հայ Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի գեղեցիկ շէնքը, որ տիրական դիրքովը կ՛իշխէ գրեթէ բովանդակ Այնճարի վրայ եւ որուն կառուցումը կը պարտինք Փարիզի մեր սիրելի «Յառաջ» օրաթերթին, եկեղեցին ալ փոխադրեցինք հոն: Այժմ նոյն շէնքը թէ՛ դպրոցի եւ թէ եկեղեցիի կրկնակ դերը կը կատարէ, գոհացում տալով մեր մտային եւ հոգեկան բոլոր պահանջներուն: Հոգեւոր հովիւներն են Արժանապատիւ Տէր Մարկոս քհնյ. Երէցեան եւ արժ. Տէր Վահան քհնյ. Քէնտիրճեան, իսկ արժ. Տէր Մովսէս քհնյ. Շրիգեան քանի մը տարիէ ի վեր, իբրեւ հոգեւոր հովիւ կը պաշտօնավարէ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ: Միւս երկու քահանաները մեկնեցան Խորհ. Հայաստան, որոնցմէ մէկն ալ մօրուքը վրայ տուած է հոն, Յարութեան տօնին յաջորդող Մեռելոցի օրը` մեռեալներուն վրայ հոգեհանգստեան Աւետարան կարդացած ըլլալուն համար:
Ունինք 7 հոգիէ բաղկացեալ Թաղական խորհուրդ մը:
Կրթական.- Մուսա լերան Հայ Ազգ. «Յառաջ» վարժարանը կրթական այս տարեշրջանի վերջաւորութեան, կը բոլորէ իր հիմնադրութեան տասնամեակը: Այս նուիրական յարկը, իբրեւ լոյսի եւ գիտութեան շտեմարան, կրցած է տալ հարիւրաւոր երկսեռ աշակերտութեան հայեցի դաստիարակութիւն, գոհացում տալով անոնց լոյսի եւ ուսումի ծարաւի հոգիներուն:
Անցնող տասնամեակի ընթացքին, ան կրցած է իր գոյութիւնը պահել, հակառակ ստեղծուած նիւթական ծանր կացութեան: Վարժարանը 7 դասեան է. հոն կ՛ուսուցանուին հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն. կ՛աւանդուին հայոց պատմութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, կրօնագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, գիտութիւն, թուաբանութիւն, եկեղեցական պատմութիւն, երգեցողութիւն եւ այլն: Երկսեռ աշակերտութեան թիւն է 176: Երկսեռ պաշտօնէութիւնը կը բաղկանայ 10 հոգիէ. 8 ուսուցիչ եւ 2 ուսուցչուհի:
«Յառաջ» պատանեկան միութիւնը իր մէջ կը հաշուէ 76 գիտակից եւ պարտաճանաչ ու շնորհալի պատանիներ: Նորահաս սերունդը բոլորն ալ կարդալ-գրել գիտեն եւ սահուն կերպով կը խօսին մեր մայրենի ոսկեղնիկ լեզուն, այս օտար ափերուն վրայ: Ունին իրենց գրադարանը: Պէտք է ըսել, որ գրադարանին ճոխացման համար, անհրաժեշտ պէտքն ունին դուրսի օժանդակութեան:
ՀՄԸՄ.- ՀՄԸՄ-ի տեղւոյս մասնաճիւղը կազմուած է 1948 օգոստոսին: Այժմ իր մէջ կը հաշուէ 52 եղբայրներ. բոլորն ալ կարդալ գրել գիտեն: Ազնիւ նկարագրի տէր, մաքուր եւ խելահաս տղաք են: Կ՛ունենան կանոնաւոր հաւաքոյթներ, մարզանքներ, խաղեր եւ զանազան ձեռնարկներ: Մանաւանդ մեծ հոգ կը տարուի հայ արիներու եւ գայլիկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան, որոնց թիւը երթալով կ՛աճի: Այս ուղղութեամբ վարչութիւնը գնահատելի աշխատանք կը տանի, արդարացնելով իր վրայ դրուած յոյսերը:
ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը կոչուած է մեծ դեր կատարելու այս շրջանին մէջ արժեցնելու համար իր կոչումը: Այս նորակազմ միութիւնը իր սկզբնական շրջանին մէջ իսկ մեծ յոյսեր կը ներշնչէ մեզի: Յաջողութիւն:
Հայ Արիներ եւ Գայլիկներ.- Տեղւոյս Հայ Արիներն ու Գայլիկները կազմակերպուեցան 1948-ի աշնան, ՀՄԸՄ-ի կազմութենէն անմիջապէս յետոյ եւ անոր անմիջական հսկողութեան տակ: Անդամներու այժմու թիւն է 58, որոնց մեծ մասը զգեստաւորուած է: Յառաջիկային անպայման, պիտի կրկնապատկուի եւ պիտի քառապատկուի այս թիւը: Բոլորն ալ խանդավառ, եռանդոտ եւ պարտաճանաչ տղաներ են. սրտով եւ անձնուիրութեամբ փարած են իրենց գործին. կ՛ունենան կանոնաւոր ժողովներ, ուր կը տրուին իրենց Հայ Արիի պարտականութեանց վերաբերեալ դասախօսութիւններ: Առաջնորդ- մարզիչն է եղբայր Անդրանիկ Քէնտիրճեան: Տեղն ու տեղը կը կատարեն Հայ Արիի բոլոր պարտականութիւնները, նշանաբան ունենալով` Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»:
Արծուիկներ.- Արծուիկներու կազմակերպումը տեղի ունեցած է մօտ 2 տարի առաջ: Ունի 53 անդամուհիներ, որոնք հայ աղջկայ վայել արժանիքներ ի յայտ կը բերեն, իրենց կոչումին գիտակցութեամբը առլցուն: Ապրին մեր արծուիկները. կ՛ունենան ժողովներ, պտոյտներ, մարզանք, ձեռագործի աշխատանքներ եւ զանազան ձեռնարկներ: Ուրախ եմ ըսելու, որ ամէնն ալ գրել կարդալ գիտեն, ինչպէս արիներն ու գայլիկները: Հարկ է աւելի հոգ տանիլ իրենց որպէսզի ալ աւելի խտանան շարքերը: Արծուիկները կը դառնան արծիւներ, կեանք տալու համար նորանոր արծուիկներու:
ԼՕ Խաչ.- Քանի մը տարիէ ի վեր է, որ կեանքի կոչուած է կանացի այս պատուական կազմակերպութիւնը: Իր ձեռքէն եկածը կ՛ընէ օգտակար ըլլալու համար հիւանդներուն եւ չքաւորներուն: Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին մէջ կը պահեն քանի մը սանուհիներ: Հարկ է ընդգծել, որ նախկին տարիներուն տարուած աշխատանքին թափը մի քիչ նուազած է: Այսուհանդերձ պէտք է հոգ տանիլ, աւելի արդիւնաւոր դարձնելու համար այս կազմակերպութեան աշխատանքները: Այժմու անդամուհիներու թիւն է 48:
Տօներ.- Ամէն տարի, առանց բացառութեան իրենց կարգին, փառաշուք կերպով կը տօնեն Համազգային Սգատօնը` Ապրիլ 24-ը, Մայիս 28-ը, եւ Ճէպէլ Մուսայի ազատագրութեան տարեդարձը: Այս տարի կատարեցինք նաեւ ՀՄԸՄ-ի երեսնամեակը: Բոլոր տօներն ալ կը կատարուին Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի սրահին մէջ:
«Յառաջ» վարժարանի Շրջ. Միութիւն.- Հայ Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի Շրջ. Միութիւնը կազմուած է 1944-ին: Սոյն միութիւնը` իր կազմութենէն ասդին, թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս սատարած է դպրոցին, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Կը պահեն համապատասխան ատենագրութիւններ: Գովելի եւ քաջալերելի է իրենց տարած աշխատանքը: Յաջողութիւններ:
Մերձաւոր Արեւելքի հաստատութիւն.- Այս հաստատութեան Պեքաայի շրջանի տնօրէնն է Պ. Ֆըլթմէնը, ռուս նախկին ազնուական մը, որ իր ձեռքէն եկածը չի խնայեր մեր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար: Ինքն է, որ կը հսկէ տեղւոյս Հ. Գարակէօզեան դարմանատան գործունէութեան վրայ: Ինչպէս նաեւ իր հսկողութեան տակն է, որ առաջ կը տարուին մալարիան բոլորովին արմատախիլ ընելու աշխատանքները: Հասցնել տուած է լաւագոյն տնկարան մը, ուր կարելի է գտնել ամէն տեսակ պտղատու տունկեր, դիւրամատչելի գիներով:
Պ. Ֆըլթմէն նկատի ունենալով ժողովուրի տնտեսական վիճակի բարւոքման պարագան, այդ նպատակին համար գնած է քամիոնէթ մը, որ օրական երկու անգամ կաթ կը փոխադրէ ասկէ Պէյրութ: Դարձեալ ինքն է, որ կը հոգայ սկաուտներուն եւ գայլիկներուն խաղերու վերաբերեալ բոլոր պէտքերը ձրիաբար: Կը վճարէ նաեւ առաջնորդ-մարզիչին ամսաթոշակները: Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի բակին մէջ ցանուած բոլոր տունկերը` որ պատսպարուած են փշապատ թելերով, նորէն իր գործն է:
Հ. Գարակէօզեան մանկանց դարմանատուն.- Այս հաստատութիւնը երկար տարիներէ ի վեր կը գործէ հոս ու մեծապէս կը սատարէ մեր փոքրիկներու 12 տարեկանէն վար եղողներու առողջապահական գործին: Այս հաստատութեան մնայուն բժիշկն է տոքթ. Պօղոս Վարդեվառեան, բնիկ Հասան պէյլիցի, որ իր պաշտօնը տեղն ու տեղը կը կատարէ: Գլխաւոր հիւանդապահուհին է այրի տիկին Էլիզ Գույումճեան, հանգուցեալ տոքթ. Ռ. Գույումճեանի այրին: Տիկին Էլիզը` Ազգ. Յառաջ» վարժարանի մէջ, տարիներէ ի վեր կը պահէ քանի մը սանուհիներ: Միւս երկու հիւանդապահուհիներն են. օրիորդներ Իսկուհի Շէրպէթճեան եւ Վարդուհի Գարագաշեան: Այս հաստատութիւնը հիմնած է հանգուցեալ Պ. Մ. Գարակէօզեան, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ որդւոյն, ուր կը դարմանուին մեր պզտիկները եւ ուր նորածիններուն կը տրուի նաեւ թարմ կաթ:
Առողջապահական.- Շրջանիս ժողովուրդին առողջապահական վիճակը գոհացուցիչ ըլլալէ հեռու չէ, շնորհիւ ցարդ տարուած աշխատանքներուն: Այնպէս որ` մալարիան, որ ատեն մը քամեց մեր արիւնը, իր ուժը կորսնցուցած է: Ինչպէս նաեւ միւս մանր մունր հիւանդութիւնները: Մանաւանդ փոքրեր, որոնք բոլորն ալ կայտառ են:
Արհեստներ.- Ժողովուրդի գլխաւոր արհեստներն են` հողամշակութիւնն ու բանջարամշակութիւնը: Յետոյ կու գայ սանտրագործութիւնը, կօշկակարութիւնը, որմնադրութիւնը, ատաղձագործութիւնը: խանութպանութիւնը, դերձակութիւնը, երկրագործութիւնը, պտղամշակութիւնը եւ զանազան մանր արհեստներ:
Բերքեր.- Գլխաւոր բերքներն են ցորեն, գարի, կորեկ, ոլոռն (անասուններուն համար), քիչ թէ շատ պտուղներ, լոլիկ, համեմ, ոսպ, գետնախնձոր, սոխ, սիսեռ եւ զանազան արմտիքներ: Այս տարի, բոլոր տեսակի բերքերը մեծապէս վնասուեցան բնութեան յառաջացուցած աննպաստ պայմաններու ու յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով:
Ներածում.- Կը ներածենք բրինձ, շաքար, քարիւղ, հանդերձեղէն եւ ամէն տեսակ պիտանի բաներ, որոնց որ կարիքը զգալի է:
Արտածում.- Կ՛արտածենք ոլոռն, կորեկ, խնձոր (քիչ քանակութեամբ) ոչխարներ, կաթ եւ անասուններու յատուկ կերի հատիկներ: Արտածումը ներածումէն անհամեմատօրէն նուազ է:

