Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Նորածիններու Խնամքի Նախագիծը`
Սպիտակի Մէջ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Պըրթլինք»` միասնաբար իրականացնող նորածիններու խնամքի նախագիծի շրջանակներուն մէջ Սպիտակի ծննդատունը համալրուեցաւ նորածիններու խնամքի անհրաժեշտ սարքաւորումներով:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» կը տեղեկացնէ, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Պըրթլինք»-ի միասին իրականացուող նորածիններու խնամքի նախագիծի շրջանակներուն մէջ Սպիտակի ծննդատունը համալրուեցաւ նորածիններու խնամքի անհրաժեշտ սարքաւորումներով:
Նորածիններու խնամքի նախագիծի շրջանակներուն մէջ այս հիւանդանոցին տրմադրուած են հետեւեալ սարքաւորումները. վերակենդանացման սեղանիկ` ջերմահաղորդիչով, պուլսոքսիմեթր, շարժական թթուածնային փուչիկ, պայուսակ` հրատապ իրավիճակներու համար, տաքցուող ներքնակ, արտածծիչ (սարքաւորում` արտածծման համար): Այս սարքաւորումները թոյլ կու տան պահպանելու նորածինին մարմինին ջերմաստիճանը եւ կայունացնել կամ ապահովել օրկանիզմին կենսագործունէութիւնը այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ան տեղափոխուի մարզական կեդրոնի կամ Երեւանի համապատասխան բուժական հաստատութիւն: Կեանքի համար հաւանական վտանգ ներկայացնող հարցերէ տառապող փոքրիկները, որոնք ծնելէ անմիջապէս ետք համապատասխան խնամք պիտի ստանան, հետագային կրնան այլեւս չենթարկուիլ միջամտութիւններու: Այս սարքաւորումները կ’երաշխաւորեն անոնց առողջ ապագան:
«Սպիտակը Լոռիի մարզի երկրորդ քաղաքն է, որ ընդգրկուած է նորածիններու խնամքի ծրագրին մէջ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը միշտ կ’առաջնորդուի այն համոզումով, որ երկիրը դիտարկելէ պէտք չէ սահմանափակել մայրաքաղաքի հոգսերով, եւ որ կեանքի որակի հաւասար կարելիութիւններ ապահովելու համար պէտք է զարգանան նաեւ մարզերը: Այս նախագիծը ձեռնարկելու առաջին իսկ պահէն պէտք էր գիտակցէինք, որ մեզ մարտահրաւէրներով լի ճանապարh կը սպասէր, սակայն վճռական էինք եւ պիտի շարունակենք նախագիծը իրականացնելու այնքան ժամանակ, մինչեւ վստահ ըլլանք, որ յատուկ հոգածութեան կարիք ունեցող իւրաքանչիւր նորածին ապահով է` հիւանդանոցներու մէջ տեղադրուած անհրաժեշտ սարքաւորումներու շնորհիւ»,- նշեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը արդէն հինգ տարի շարունակ համագործակցած է «Պըրթլինք»-ի հետ` նպաստելով Հայաստանի մէջ մանկական մահացութեան նուազեցման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Այս ժամանակահատուածին ընթացքին Երեւանի եւ մարզերու աւելի քան 30 բժշկական կեդրոններու մէջ տեղադրուած է մօտաւորապէս 360 միլիոն դրամ ընդհանուր արժողութեամբ սարքաւորում: Մասնագէտներու հաւաստումով, դրական արդիւնքները ակնյայտ են:
Ամէն տարի, կեանքի առաջին տարուան ընթացին աշխարհի մէջ կը մահանայ աւելի քան 4 միլիոն մանուկ: Դէպքերու 98 առ հարիւրը կ’արձանագրուի զարգացող երկիրներու մէջ: Մահացու ելքերուն 65 առ հարիւրը կ’արձանագրուի կեանքի առաջին ամսուան ընթացքին, որուն երկու երրորդը` առաջին շաբթուան, իսկ կէսէն աւելին` առաջին 24 ժամուան ընթացքին:
Արցախի Բոլոր Շրջանները
Համացանցով Ապահովելու Ծրագիր
2013 թուականին պիտի սկսի Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջանները համացանցով ապահովելու ծրագիրը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Լուսինէ Մուսայէլեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Մնացականեան:
Ներկայ դրութեամբ, որոշ շրջաններ արդէն օժտուած են համացանցով, սակայն նախարար Մնացականեան չէ ճշդած, թէ Լեռնային Ղարաբաղի քանի՛ տոկոսը համացանցային հասանելիութիւն ունի: Յստակ է, որ, ըստ վիճակագրական տուեալներուն Լեռնային Ղարաբաղի համացանցի բաժանորդներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի:
«Այս աշխատանքները իրականացնելու համար նախատեսուած է 2013 թուականին մօտաւորապէս կրկնապատիկը եւ կամ նոյնիսկ աւելիով աւելցնել համացանցի հոսքին մուտքը դէպի Ստեփանակերտ եւ շրջակայքը, ինչպէս նաեւ գիւղական համայնքները կարելիութիւն կ’ունենան օգտուելու որակաւոր կապէն», յայտնած է նախարարը:
Ղարաբաղի հիմնական համացանց մատակարարը 2002 թուականէն գործող «Ղարաբաղ թելեքոմ»-ն է, որ նաեւ հեռաձայնային միակ ընկերութիւնն է: Այս բնագաւառին մէջ մենաշնորհ ունենալուն պատճառով անիկա մնայուն կերպով ենթակայ է բողոքներու եւ դժգոհութիւններու: Այս ընկերութեան մատուցած ծառայութիւններուն դիմաց ճշդուած սակերուն դէմ բողոքի ալիք բարձրացած էր: Երկու տարի առաջ ընկերութիւնը սկսաւ նուազեցնելու իր գիները:
Վերջերս 512/512 քիլոպայթ/վայրկեան արագութեամբ համացանց ունենալու համար, որուն գինը նախապէս կը կազմէր 7399 դրամ, բաժանորդները ներկայիս կը վճարեն 3000 դրամ: Յստակ է, որ 50-60 առ հարիւրով նուազած են գիները` նոյնիսկ աւելի լաւ արագութեան պարագային:
Երեւանի Մեթրոյի Վերակառուցման Համար
Պիտի Տրամադրուի 15 Միլիոն Եւրօ
4 դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Երեւանի մեթրոփոլիթեն» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Փայլակ Եայլոյեան յայտնած է, որ Երեւանի մեթրոյի վերակառուցման երկրորդ հանգրուանին համար պիտի յատկացուի 15 միլիոն եւրօ: Շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ տարուան սեպտեմբերին:
Փ. Եայլոյեանի համաձայն, այս գումարը պիտի տրամադրուի ստորգետնեայ ջուրերու հեռացման, ցանցերու եւ գիծերու նորոգութեան եւ նոր փապուղիներու կառուցման:
Ինչպէս առաջին հանգրուանին, երկրորդ հանգրուանին եւս հաւասարապէս հինգական միլիոն եւրօ պիտի տրամադրեն` Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը, Եւրոպական ներդրումային դրամատունը եւ Եւրամիութեան հարեւանութեան աջակցութեան ծրագիրը: Այս մասին համաձայնութիւն կայացած էր այս տարուան օգոստոսին:
Վերակառուցման առաջին հանգրուանը, որ սկսած է 2010-ին, պիտի աւարտի սեպտեմբեր 2013-ին. անոր համար յատկացուած գումարին 12-ը արդէն ծախսուած է: Մեթրոյին 8 վակոնները արդէն նորոգուած են, ինչպէս նաեւ բարելաւուած են սպասարկման որակն ու պայմանները, զօրացած է մեթրոյի շարժակներուն կարողականութիւնը:
Փայլակ Եայլոյեան դիտել տուած է, որ մեթրոն մեծ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ անկէ օգտուողներուն թիւը բաւական մեծ է: 2011-ին անկէ օգտուած է աւելի քան 17 միլիոն անձ:
Հայաստանի Մէջ Բացուած Է Գինիի
Եւ Քոնեաքի Նոր Գործարան
«Կոլտըն կրէյպ արմաս» ընկերութիւնը Արագածոտնի մարզին մէջ սկսած է բանեցնելու գինիի եւ քոնեաքի նոր գործարան, որ յագեցած է «Կրանզօթթօ» իտալական արտադրութեան նորագոյն սարքաւորումներով, որոնք ոչ միայն կը համապատասխանեն միջազգային բոլոր չափանիշներուն, այլ նաեւ իրենց որակով կը նկատուին աշխարհի առաջիններէն: Գործարանի նախագիծին պատկերը եւս մշակուած եւ գործադրուած է իտալացի մասնագէտներուն կողմէ:
Հայաստանի կառավարութիւնը 6 դեկտեմբերին արտօնութիւն տուաւ «Կոլտըն կրէյպ արմաս» ընկերութեան` ներածուած որոշ ապրանքներու յաւելեալ արժէքի տուրքերու վճարումը կատարել 3 տարի ետք:
Նշենք, որ «Կոլտըն կրէյպ արմաս»-ը Կոշ համայնքի 200 եւ Սասունիկ համայնքի 20 հեկտար անմշակ տարածքներու վրայ կատարած է զգալի ներդրումներ` տարածքը գիւղատնտեսական իմաստով օգտագործելու նպատակով: Իբրեւ արդիւնք` այսօր աւելի քան 160 հա տարածութեան վրայ մշակուած են խաղողի այգիներ, տնկուած է 400 հազար խաղողի տնկի, իսկ 40 հա հողատարածքի վրայ կան պտղատու պարտէզներ (10 հազար ծառեր` դեղձի, սալորի, խնձորի, ծիրանի, բալի եւ այլն):
Վերջերս Տեղի Ունեցաւ Թիֆլիսի
«Ճէյրան» Հայկական Պարախումբին Ելոյթը
Հայաստանի Ազգային պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան դահլիճին մէջ «Հայ արթ փրոտաքշըն» հայ-քանատական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ Թիֆլիսի «Ճէյրան» հայկական պարախումբին առաջին ելոյթը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ճիլաւեան:
Նախարարին տեղակալը բացման խօսքին մէջ նշեց, որ պարախումբը մշտապէս գտնուած է գերատեսչութեան ուշադրութեան կեդրոնը եւ յաջողութեամբ մասնակցած է 2012-ի «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրին մէջ իրականացուած պարարուեստի օրերուն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրով եւ «Կոմիտաս» մետալով:
Յայտնենք, որ հիւրերուն իրենց կատարումներով ողջունեցին Երեւանի «Կոլտ սթար», «Վանք» եւ «Գիսանէ» պարային համոյթները:
Ձեռնարկին աւարտին «Ճէյրան» պարային համոյթը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Ազգային պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան պատուոյ գիրով` սփիւռքի մէջ հայ պարարուեստի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ ունեցած զգալի աւանդին համար:
Հայաստանի Մէջ Պատրաստուած Է Աշխարհի
Ամէնէն Զգայուն Երկրաշարժի Բացայայտիչը
Հայաստանեան «Փի.Էս.Այ.» ընկերութիւնը մշակած է երկրաշարժը բացայայտող գերզգայուն գործիք մը, որ իր զգայունութեան աստիճանով կը գերազանցէ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող նմանատիպ բոլոր սարքերը: Այդ մասին «Նիուզ»-ին յայտնած է ընկերութեան ներկայացուցիչ Վարդան Գէորգեանը, որ սարքը կը ներկայացնէ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Վենչուրային կոնֆերանս»-ին ընթացքին:
Անոր համաձայն, այս սարքը կրնայ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել երկրաշարժերուն մասին, մանաւանդ որ կ’արձանագրէ մինչեւ իսկ երկրաշարժային ամէնէն մեղմ տատանումները, մինչ ներկայիս գործող նշանաւոր բացայայտիչները միայն երկրաշարժը կ’արձանագրեն: Վ. Գէորգեան իր գիւտը բաղդատած է օձերու գերզգայուն մորթին հետ: «Օձերը ունին այդ «զգայարանները» իրենց մորթին վրայ, ընդերքին մէջ ալիքները եւ տատանումները կը զգան, բոյնէն դուրս կու գան երկրաշարժէն առաջ եւ կը փրկուին: Մարդկութիւնը չունի այդ «զգայարանը», բայց այսպիսի սարքերը կ’օգնեն կանխագուշակել երկրաշարժերը», յայտնած է Վ. Գէորգեան: Սարքը այնքա՛ն զգայուն է, որ կ’արձանագրէ նոյնիսկ դրացի երկրի ընդերքին մէջ ընթացող տատանումները:
Ընկերութիւնը ներկայիս նման սարքեր կը մատակարարէ Սինկափուրին, սակայն փափաք կայ մեծաքանակ արտադրութիւն կատարելու: Ներդրումներու համար սկզբնական հանգրուանին անհրաժեշտ է 250 հազար տոլար, ինչ որ առիթ կու տայ քանի մը երկրաշարժի բացայայտիչ արտադրելու, սակայն գործարանային արտադրութիւն կատարելու պարագային անհրաժեշտ է 6 միլիոն տոլար:
Ներկայիս աշխարհին մէջ երկրաշարժի բացայայտիչներուն միջին գինը 10 հազար տոլար է, բայց հայկականը աւելի աժան է` 8 հազար տոլար:
Հայաստանը Միացած Է «Ամենակարճ Օր»
Փառատօնին
Հայաստանը 2012 թուականին միացած է Ֆրանսայի մէջ արդէն աւանդութիւն դարձած «Ամենակարճ օր» կարճատեւ ժապաւէններու փառատօնին, որուն ընթացքին 10 օր շարունակ, դեկտեմբեր 21-31, երկրի ամբողջ տարծքին պիտի ցուցադրուին 1000-է աւելի ֆրանսական գծանկարային, խաղարկային, վաւերագրական կարճ` մինչեւ 59 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ: Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի մամուլի ծառայութենէն, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային շարժապատկերի կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան համաձայնագրի շրջանակին մէջ իրականացուող այս իւրօրինակ ձեռնարկը կարելիութիւն մը եւս կ’ընձեռէ հայ հանդիսատեսին` ծանօթանալու ֆրանսական շարժապատկերին:
Ֆրանսացիներուն այս հետաքրքիր եւ ուսանելի քայլին անցեալ տարի արդէն միացած են 12 երկիրներ, իսկ այս տարի անոնց թիւը արդէն 40 է: Երեւանի մէջ Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, ընտրուած եօթը վայրերու մէջ պիտի իրականացուին ֆրանսական ժապաւէններու ցուցադրութիւնը: Ֆրանսական կողմէ ներկայացուած 187 ժապաւէնէն ցուցադրութեան համար ընտրուած եւ հաստաուած է 70-ը: Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն արդէն ընտրուած 70 ժապաւէնէ պիտի կազմէ իր շարժապատկերի ծրագիրը: Շարժապատկերի ցուցադրումները պիտի սկսին դեկտեմբեր 21-էն եւ պիտի շարունակուին մինչեւ դեկտեմբեր 31:
Արփի Վարդանեան Նշանակուած Է
ՀԲԸՄ Երեւանի Գրասենեակի Տնօրէնուհի
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը յայտարարէ, որ Արփի Վարդանեան նշանակուած է ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնին: Ան կը ղեկավարէ միութեան ներկայ լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ ծրագիրները Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ:
Ա. Վարդանեան ծնած է Միչիկըն, աւարտած է Սաութֆիլտի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցը, վկայուած է Միջազգային կառավարման ամերիկեան բարձրագոյն դպրոցէն (Thunderbird): Այնուհետեւ մեկնած է Հայաստան` շարունակելու իր ասպարէզը:
Արփի Վարդանեան երկար տարիներ վարած է Ամերիկայի հայկական համագումարէն (ԱՀՀ) ներս` թէ՛ Հանրային կազմակերպութիւններու ուսուցման, թէ՛ տեղեկատուական կեդրոնի եւ թէ՛ ուսանողական փորձառութեան ծրագրերու տնօրէնուհիի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ եղած է ԱՀՀ-ի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար, Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի:
«Պէտք Է Գնահատենք Մանկավարժական Համալսարանի
Անցեալը Եւ Դնենք Զարգացման Նոր Նպատակներ»,
Ըսած Է Տիգրան Սարգսեան
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մասնակցած է Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի 90-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:
Հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան անունով վարչապետը շնորհաւորած է համալսարանին յոբելեանը` նշելով. «Այս յոբելեանը լաւ առիթ է, որպէսզի կարենանք գնահատել կատարուած աշխատանքները եւ մեր առջեւ դնենք զարգացման նոր նպատակներ եւ հարցեր, չբաւարարուինք անցած նուաճումներով, որովհետեւ կ՛ապրինք արագ յառաջացող աշխարհին մէջ: Այդ պարունակին մէջ մանկավարժութիւնն է, որ ունի լուրջ կատարելիքներ: Գաղտնիք չէ, որ եթէ կարենանք բարձր մակարդակ ունեցող մասնագէտներ պատրաստել կրթական համակարգին համար, անոնցմով ալ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ այս ոլորտի բարեփոխումներուն ընթացքը եւ մեր առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարումը»:
Տիգրան Սարգսեանի խօսքով, կրթութիւնն է այն բանալին, որ պիտի ապահովէ մեր երկրի ապագան: «Ուրախ եմ, որ վերջին շրջանին Մանկավարժական համալսարանը ցուցաբերած է լաւ յառաջդիմութիւն: Մենք ունինք ազնիւ եւ պարկեշտ դասախօսներ, կրնանք նոր կամուրջներ կառուցել եւրոպական լաւագոյն համալսարաններու հետ: Կը նկատեմ, որ այս եռանդը եւ շունչը յաջողեցանք դասախօսական կազմին հետ հաղորդել նաեւ ուսանողներուն: Մանկավարժական համալսարանը այսօր վստահութիւն եւ յարգանք կը վայելէ, բան մը, որ պարտաւոր ենք ամրապնդել», նշած է կառավարութեան ղեկավարը եւ ցանկութիւն յայտնած է, որպէսզի մանկավարժական համալսարանը առաջատարը հանդիսանայ բարեփոխումներու բնագաւառին մէջ եւ այսպիսով կարելիութիւն ընծայէ բարձրացնելու կրթական համակարգին մակարդակը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի 90-ամեակին առիթով գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար ՀՊՄՀ կերպարուեստի ամպիոնի փրոֆեսէօր Լեւոն Կոճոյեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով, ՀՊՄՀ ուսողութեան դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու թեկնածու, փրոֆեսէօր Համլեթ Միքայէլեան` «Անանիա Շիրակացի»-ի մետալով, իսկ Գայեանէ Շաղգամեանին շնորհուած է Հայաստանի վաստակաւոր մանկավարժի կոչում: Պարգեւները յանձնած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
ՀՊՄՀ հիմնադրման 90-ամեակին առիթով եւ կրթութեան, գիտութեան ոլորտին մէջ ներդրած աւանդին համար Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրուած են 1987-1989 թուականներուն Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանակիր Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի նախագահ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ Էդուարդ Ղազարեան, 1994-1999 թուականներուն Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանակիր Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի նախագահ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ Գէորգ Բաղդասարեան, 1999-2002 թուականներու ՀՊՄՀ նախագահ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ Միսակ Դաւթեան, 2002-2010 թուականներուն ՀՊՄՀ նախագահ, ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր Արտուշ Ղուկասեան:
ՀՊՄՀ փոխնախագահ, թեքնիք գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս (ընտելական) Տիգրան Այվազեան եւ ՀՊՄՀ խմբավարութեան եւ ձայնադրման ամպիոնի փրոֆեսէօր, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Էդուարդ Էլբակեան խրախուսուած են Հայաստանի վարչապետի շնորհակալագրերով:

