ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ԽՈՒՄԲԸ ՅԱՂԹԵՑ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ
Երէկ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի տղոց հաւաքականը 72-59 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Յորդանանի 16 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու ազգային խումբը: Վերջինս, որ Լիբանանի մէջ կը կատարէր բանակում մը, իր կատարած այս երրորդ եւ վերջին մրցումէն ետք մեկնեցաւ Լիբանանէն:
Նշենք, որ անիկա իր կատարած երեք բարեկամական մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց:
CATEGORIES Մարզական