ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ. ԼԱՆՋԱԽԱՉ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ` ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ

Առաջնորդ սրբազանը լանջախաչի տուչութիւնը կը կատարէ

Կիրակի, 1 մայիս 2011-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտը դրաւ Քրիստոսի յարութեան վրայ եւ նշեց, որ Քրիստոսի յարութեամբ աշխարհը տարբեր վիճակ ստացաւ եւ մարդկային կեանքին առջեւ նոր ուղի մը բացուեցաւ: «Քրիստոսի յարութիւնը մեծ եւ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ յարութիւնը աւարտը եւ ամբողջացումն էր այն ամբողջ վերանորոգումին, զոր Աստուած ծրագրած էր:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ խաչը քրիստոնեային խորհրդանիշն է եւ Յիսուս քրիստոնեան միացուց խաչին: «Խաչին դժուարութիւնը եւ խաչին տառապանքը մեր կեանքին մէջէն պիտի յայտնուին… եւ այն ատեն կ՛անդրադառնանք եւ կ՛ըմբռնենք նորութիւնը մեր կեանքին մէջ», շեշտեց սրբազանը:

Իր խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան յայտարարեց, որ Կրօնական ժողովի խնդրանքին ընդառաջելով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհած է Լիբանանի թեմի քահանայից դասի անդամ եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին: «Եթէ հոգեւորականին խաչ կը շնորհես, անիկա իրեն ոչ միայն պատիւ եւ գնահատանք, այլեւ իր ծառայութեան մէջ քաջալերանք է, եւ երբ հոգեւորականը խաչը կ՛առնէ իբրեւ զայն կրելու պատիւ, իր մտքին առջեւ միշտ կ՛ունենայ այդ խաչին արժանի ըլլալու, այդ խաչին հաւատարիմ մնալու գաղափարը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի ծառայութիւնը, ծառայութեան մէջ լրջութիւնը, հաւատարմութիւնը, պարտաճանաչութիւնը քաջալերած եւ մղած են Ազգային իշխանութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը եւ Կրօնական ժողովը` լանջախաչ նուիրելու իրեն: Ան շեշտեց, որ այս բոլորի կողքին հիմնական գնահատանքը եկած է ժողովուրդէն, որ գոհունակութիւն ցուցաբերած է քահանայ հօր հովուական ծառայութեան գծով:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը եւ լանջախաչը յանձնեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին:

Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Գաբօ Սոմունճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց թաղականութեան ատենապետ Սարգիս Բարմաքսըզեանը` արտասանելու իր խօսքը:

Ս. Բարմաքսըզեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը պատմական խորիմաստ յիշատակ մը ունի իր մէջ, որ կը յիշեցնէ աւելի քան 50 տարի առաջ, երբ եկեղեցին տեղափոխուեցաւ իր խեղճուկ կառոյցէն, որ ներկայիս վերածուած է բնակարանի: Ան հաստատեց, որ իրերայաջորդ թաղականութիւններ, հոգեւոր հովիւներ եւ անձնազոհ անձեր ճիգ չեն խնայած աւելի պայծառացնելու համար եկեղեցին եւ գաղութի ամէն տեսակի կարիքները հոգալու համար:

Անդրադառնալով Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհելու որոշումին` ան շեշտեց, որ այս երեւոյթը արդար փաստն է եկեղեցւոյ կենսունակութեան եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ հոգեւոր պետերու արդար գնահատանքին եւ գուրգուրանքին:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ Միսիրեան առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երկար կեանք մաղթեց սրբազան հօր, որ անգամ մը եւս իր ներկայութեամբ հաւատացեալները հաղորդակից դարձուց Յարութեան տօնին: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը յարութեան ժողովուրդ եղած է եւ նահատակութիւնը մահ չէ բնաւ:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին, որ լանջախաչի տուչութիւնը կատարեց` աւելցնելով, որ այս երեւոյթը կը նշանակէ յաւելեալ ծառայութիւն, արթնութիւն, նախանձախնդրութիւն:

Դարձեալ եկեղեցւոյ հովիւ Եսայի քհնյ. Պետրոսեան խօսք առնելով յայտնեց, որ պէտք է բարձրացնենք բաժակները նախ եւ առաջ խմելու սրբազան հօր կենացը, որ կը զբաղի մեր ազգային հարցերով, հայ ազգի մտահոգութիւններով, դժուարութիւններով, եւ լուծումներ կը գտնէ անոնց, որպէսզի հայ ժողովուրդը հանգիստ կեանք ունենայ:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Սարգիս Հարմանտայեան` ասմունք («Կանք պիտի լինենք») եւ Սեւան Հապիպ` երգ («Կիլիկիա»):

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը:

Ան հաստատեց, որ հոգեւորականը իր գործին համար կը պարգեւատրուի` աւելցնելով, որ քրիստոնէական, ազգային արժէքները պահելը միայն հոգեւորականին պարտականութիւնը չէ, այլ նաեւ աշխարհականինն ալ: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին ուշադիր ըլլալու, որ իրենց աշխատանքին մէջ նիւթականը գերիշխող չըլլայ: «Խաչը կ՛ենթադրէ մնայուն, յաւերժական, հաստատ ծառայութիւն», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ իրենց ակնկալութիւնն է, որ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան իր ծառայութեան մէջ մնայ հաւատարիմ եւ հաստատ:

 

Share this Article
CATEGORIES