Կրթական Մտորումներ. «Գերազանց Յաջողութիւն» Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրման Ձեռնարկին Առիթով
ՍՕՍԻ ՊԱԼԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Աւետարանական դպրոցներու ընկերակցութեան, աւետարանական երկրորդական վարժարաններու պրըվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւններու մէջ գերազանց յաջողութիւն ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 29 հոկտեմբեր, 2012, «Պէյթ էլ Թապիպ»-ի հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին 250 պարգեւատրուող աշակերտներ, անոնց ծնողները, տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, որուն հետեւեցաւ տոքթ. վեր. Սելիմ Սահեունիի աղօթքը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը ըրաւ շէյխ Ֆարես Տաղերը, որուն յաջորդեց Լիբանանի աւետարանական վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Նապիլ Ուսթայի խօսքը: Պատգամաբերն էր պետական երեսփոխան տոքթ. Պասեմ Շապ, որմէ ետք աշակերտութեան կողմէ խօսք առաւ Իզապէլլա Ապաս Սարհան, որ բարձրագոյն միջինը բերած էր 32 աւետարանական դպրոցներու մէջ: Այս պաշտօնական խօսքերէն ետք 250 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց պարգեւները: Իմ գոհունակութիւնս եւ շնորհաւորանքս կրկնակի էր. նախ` մեր հայ աւետարանական դպրոցներուն աշակերտներուն գերազանց յաջողութիւնը տեսնելով, երկրորդ` մեր հինգ դպրոցներու աշակերտութեան արդիւնքները համեմատաբար 27 տեղական աւետարանական այլ դպրոցներու հետ իրապէս քաջալերական էին: Արդարեւ, 27 արաբ աւետարանական դպրոցներէն ունինք 242 գերազանց (24,000 աշակերտներէն), 5 հայ աւետ. դպրոցներէն ունինք 8 գերազանց (1300 աշակերտներէ): Հոս պարտք կը զգամ սրտանց շնորհաւորել բոլոր այն հայ ծնողները, որոնք համոզուած հայ դպրոցի կոչումին, վստահած են մեզի իրենց թանկագին զաւակներուն կրթութիւնը:
Սրահէն դուրս գալուս, սակայն, ընդվզումս սահման չունէր: Տեսնելով մեր օտարամոլ ծնողները, որոնք կը հաւատան, թէ օտար դպրոց յաճախելով եւ օտար լեզուի լաւ տիրապետելով` աւելի դիւրին համալսարան կ՛ընդունուին եւ իրենց սիրած մասնագիտութեան կը տիրանան: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ 27 աւետարանական տեղական դպրոցներէն մէկը, որ 300-էն աւելի հայ աշակերտ ունի, գերազանցներէն 5-ը հայեր են: Երկրորդ դպրոց մըն ալ 3 գերազանց հայ աշակերտներ ունէր:
Այս երեւոյթին դիմաց ուզեցի, իբրեւ ծնողք եւ իբրեւ դաստիարակ, մտահոգութիւններս բաժնել ծագումով հայ, յատկապէս հայ դպրոց յաճախած ծնողներու հետ, որոնք այսօր կամովին իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն դէպի օտար վարժարան:
Մարդակերտումի գործօնին մէջ մանուկը տան մէջ կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը, հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներու ծանօթացումը, որոնք ինքնակերտումի, ինքնավստահութեան եւ պատկանելիութեան հիմքը կը կերտեն:
Մարդկային կեանքի մէջ պատկանելիութեան զգացումը հիմնական է, եւ անիկա կը սկսի տան մէջ, յետոյ կը շարունակուի դպրոցը: Կրօնական հաստատութիւնները եւ արտադպրոցական գործունէութիւններն ալ դրոշմ կը ձգեն անհատին կազմաւորման ընթացքին վրայ: Իսկ այս բոլորին հասարակ յայտարարը մեր ազգի պարագային մայրենի լեզուն եւ հայեցի կրթութիւնն են:
Օտար դպրոցի մէջ հայ աշակերտը հարց կ՛ունենայ: Ինք փոքրամասնութիւն է: Հոն նոյնիսկ խմբաւորումներէ դուրս կը մնայ եւ կամ կը դժուարանայ ընկերներ ունենալու: Այս ընթացքը զինք կը մղէ աւելիով հեռանալու հայկական շրջանակներէ, ընկերներէ եւ ճիգ կը թափէ օտար շրջանակին յարմարելու, բայց յստակ է, որ այս նոր շրջանակին մէջ պիտի մնայ երկրորդ դասակարգի «քաղաքացի» մը, որ անկասկած պիտի ազդէ իր ինքնավստահութեան եւ ինքնակերտումին վրայ: Ան կամաց-կամաց կը համակերպի իր նոր միջավայրին եւ այսպիսով կ՛օտարանայ:
Հայ դպրոցէն ներս, պետական ծրագրի կողքին, հայ աշակերտը կը ծանօթանայ հայոց պատմութեան, կրօնին, ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, նաեւ` 21-րդ դարու բոլոր յառաջդիմութիւններուն:
Հայ դպրոցին մէջ թրծուած պատանին ընդհանրապէս աւելի ինքնավստահ է, գիտակից` իր ազգային ինքնութեան, մշակութային եւ եկեղեցական արժէքներուն եւ ծնողներու հանդէպ` երախտագէտ: Այս ձեւով ան կը դառնայ նկարագրի եւ հասուն մտքի տէր անձ մը, որ ատակ է իր աշխատասիրութեամբ, յարատեւութեամբ, փայլուն դպրոցական արդիւնքներով, պետական քննութիւններու գերազանց յաջողութիւն ձեռք ձգելով եւ ճակատաբաց ու զինուած մտային պաշարով, գիտական գիտելիքներով ու ազգային գիտակցութեամբ մտնել համալսարան եւ յաջողութիւն գտնել իր սիրած մասնագիտութեան մէջ:
Հոս տեղին է վերյիշել Հրաչ Քեսթենեանը, որ լաւագոյն օրինակն է հայ ընտանիքի կրթութեան եւ հայ դպրոցի դաստիարակութեան: Ան, իր ազգային ինքնութեան գիտակից վերջերս անհատապէս պատմութիւն կերտեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մէջ` հիացում պատճառելով տնօրէնութեան, պատասխանատու մարմիններու, ուսանողութեան եւ հայ համայնքին: Ան ըլլալով յառաջադէմ ուսանող մը պատմութեան ճիւղին մէջ` հետեւողական աշխատանքով հետապնդեց 1976-էն ի վեր անհետացած յուշատախտակ մը` ի յիշատակ Համաշխարհային Ա. պատերազմին զոհուած, թրքական բանակին մէջ ծառայող Ամերիկեան համալսարանի բժշկական կաճառէն շրջանաւարտ բժիշկներու:
Հրաչ նաեւ իմաստուն եղաւ` գործի լծելով համալսարանի հայ ուսանողական կազմակերպութիւնը, եւ անոնք միասնաբար դիմեցին համալսարանի միջդպրոցական ուսանողներու ներկայացուցչական կազմակերպութեան գործակցաբար իրականացնելու այս կորսուած յուշատախտակին վերականգնումը, որ իրականացաւ նոյեմբեր 1, 2012-ին` ի ներկայութեան համալսարանի նախագահին, դասախօսներու եւ հայ ու տեղացի ուսանողներու: Հրաչին ազգային գիտակցութիւնը նաեւ զինք մղեց հետամուտ ըլլալու յօդուածներով, հայկական թերթերու միջոցով եւ այլ լսատեսողական միջոցներով գտնել այս նահատակ բժիշկներուն ազգականները:
Այսպիսի նախաձեռնութիւն մը միայն հայ դպրոցի շրջանաւարտը կրնայ իրականացնել: Յարգանք Հրաչին, իր ծնողներուն եւ իր դաստիարակներուն:
Հայեցի դաստիարակութեան լրացուցիչ մէկ ուրիշ հսկայական աշխատանքը, որ կը տարուի լիբանանահայ գաղութին մէջ, վերջին 20 տարիներուն գեղարուեստի դպրոցներն են, որոնք օրէ օր աւելի կը զարգանան: Լիբանանահայ եւ հայրենի արուեստագէտներու առաջնորդութեամբ, նուագ, ձայնամարզութիւն, երգ, պար, նկարչութիւն, որոնք կը ներգրաւեն բազմահարիւր աշակերտներ: Շատեր իրենց ուսուցիչներուն քաջալերանքով կը հասնին միջազգային բեմեր: Արդեօք քանի՞ օտար դպրոց յաճախող աշակերտ կ՛օգտուի գաղութին այս մշակութային բարիքներէն:
Սիրելի՛ հայ ծնողք, յատկապէս հայ մայրեր, դուք էք ձեր զաւակներուն առաջին դաստիարակը: Այսօր դուք ձեր բարեկեցիկ վիճակով մրցակցութեան ելած էք իրարու հետ` ձեր զաւակները ղրկելով օտար դպրոց, առանց նախատեսելու անոր հետեւանքները: Հայ ծնողք, ժամանակն է, որ արթննաք եւ գիտակցիք մեր ազգային պարտաւորութիւններուն: Այն, ինչ որ թշնամին ըրաւ բռնի ուժով, այսօր կարգ մը հայ ծնողներ կ՛ընեն կամովին` առաջնորդելով իրենց զաւակները դէպի «ճերմակ ջարդի»: Այս բոլորին մէջ շահաւորը մեր թշնամին է, որ առանց ջանքի կ՛իրականացնէ իր հայաջնջումի երազը:
Հա՛յ մայր, կոչը ուղղուած է քեզի: Հաւատքով, ազգային հպարտութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ դաստիարակէ զաւակներդ, տան մէջ քաջալերէ մայրենի լեզուի գործածութիւնը, զաւակներուդ հայերէնով կարդայ մանկական պատմութիւնները, պահէ հայկական աւանդութիւնները, զաւակներդ հայ դպրոցին ու եկեղեցիին յանձնէ եւ նախանձախնդիր եղիր գոյատեւման ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցելու:

