ՀՅ Դաշնակցութեան 122-Ամեակ. Նոր Ժամանակներ Գ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յայտնապէս դաշնակցական պատմագրութիւնն ու գրականութիւնը չեն, որ անպայման մեզ կը մղեն մեր ուշադրութեան առանցքը դարձնելու նոյնինքն այս կուսակցութեան գործունէութեան առաջին երեսնամեակը, այլ նաեւ ազգի կեանքին մէջ ատենին ու ցարդ շարունակուող դաշնակցականի եզակի դերակատարութիւնն եւ ներդրումը:

Այլ խօսքով, ազգի լինելութեան ու ճակատագրին սպառնացող նման օրհաս ժամանակահատուածին, երբ տակաւին նորաստեղծ ու իր առաջին քայլերուն մէջ կը գտնուէր այս կազմակերպութիւնը,   յեղափոխական տարրերու, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու միաւորումը ապահովելէ անդին` իր Առաջին Ընդհանուր ժողովի կայացումով,  Ծրագիրի, Կանոնագիրի թէ կազմակերպական  հասկացողութիւններու մասամբ յստակեցումով արդէն ազգին ծառայելու ու նուիրուելու իւրայատուկ խայծի ու պատրաստակամութեան ազդանշանը կը տրուէր` իբրեւ անդառնալի ճանապարհ ու սրբազան առաքելութիւն:

Եւ իրօք, տասնամեակներու հեռաւորութեամբ իսկ նման անկրկնելի սխրանքներու տիպականութիւն մեզի մտածել կու տայ, թէ մարդկային ինչպիսի՛ ուժկանութեան աղբիւր ամբարած է այս կուսակցութիւնը, որ իր կարգին կարողութիւնը ունեցաւ առանց երկմտանքի նետուելու մաքառումի դաշտ` յաղթելու վճռակամութեամբ ու իր ժողովուրդին նոր հորիզոներ պարգեւելու համոզումին ընդառաջ:

Իսկ բնական հետեւութեամբ կ՛արժէ՛ հարցադրել, թէ կեանքի թաւալումին առընթեր, դաշնակցական աշխարհահայեացքին յատուկ    մտածելակերպեր, քաղաքական ուղղութիւններ թէ մտասեւեռումներ, գաղափարական արժեհամակարգին արտայայտութիւն եղող կենսաձեւեր, ազգային գործունէութեան տեսադաշտեր, արդեօք տակաւին իրենց ջերմութիւնն ու գրաւչութիւնը կը պահե՞ն, անոնք նորահաս սերունդին մօտ ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն կը ստեղծեն, ծրագրային բարեփոխումի   թէ կազմակերպական բարեկարգումի հակամէ՞տ են: Արդի պայմաններու մէջ արդեօք ի՞նչ ձեւով կ՛ընկալուին կուսակցութեան այդ ուղեգիծը հայ իրականութեան կողմէ, տակաւ ահագնացող աշխարհաքաղաքական կացութիւններու դիմաց ինչպիսի՞ ձեւեր պէտք է որդեգրուին` լաւագոյնս ճշդորոշելու ներկայի ընելիքներն ու ապագայի առաջադրանքները, յարափոփոխ մեր առօրեային մէջ մարտավարական թէ ռազմավարական բացթողումներ ու  տեղատուութիւնները կ՛արձանագրուի՞ն, անոնք սրբագրելի եւ շրջանցելի ե՞ն, թէ առկայ երեւոյթներու ընդգծումն անգամ անպատեհութիւններ կը ստեղծեն ըստ ամենայնի:

Այդուամենայնիւ, վերադառնալով դաշնակցական գրականութեան, բարեբախտաբար հոն տակաւին կ՛ապրին ու կ՛առկայծեն այնպիսի արժէքներ, որոնց վերաթարմացումին անմիջական հարկադրանքին տակ կը գտնուինք հաւաքաբար, պարզապէս արիաբար դիմակայելու նոր ժամանակներու դաժան պարտադրանքներն ու մարտահրաւէրները:

Արդարեւ, քիչ մը ամէն տեղ ու ամէն միջավայրի մէջ, անհատական կեանքի օրինակելիութիւնն ու հմայքը ամրապնդելու հրամայականին ներքեւ,  դաշնակցական շունչի, կամքի, նուիրումի եւ վարքագիծի նորովի ըմբռնումի արձագանգն է, որ տակաւ ինքզինք կը պարտադրէ, մանաւանդ վերանկախ հայրենիքի ու սփիւռքեան իրադրութիւներու լոյսին տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES