Հայ Գրատպութեան 500-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ Հայկազեան Համալսարանը Կը Մեծարէ Լիբանանի Հայկական Հրատարակչատուները

Սապունճեան. «Մտաւոր Արտադրութիւնը
Գրաւականն Է Առողջ Ընկերութեան»

Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ Հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Այս առիթով համալսարանի չորրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի: Ներկայ էին համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ գործող շուրջ 20 հայկական հրատարակչատուներու եւ տպարաններու տնօրէններ ու պատասխանատուներ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի հետազօտութեանց կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան արտասանեց խօսք մը` բացատրելով, որ Լիբանանի մէջ առաջին հայերէն գիրքը լոյս տեսած է 1894 թուականին` Պէյրութի կաթողիկէ տպարանէն: Իսկ երկրորդ գիրքը հրատարակուեցաւ դարձեալ նոյն թուականին, սակայն հայատառ թրքերէնով: Դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան անդրադարձաւ լիբանանահայ հրատարակչատուներու եւ տպարաններու կարեւորութեան` նշելով, որ անոնք նպաստեցին հայոց պատմութեան, լեզուին եւ աւանդութիւններուն պահպանման:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ համալսարանի դասախօսական անձնակազմի անդամ Արմէն Իւրնեշլեան, այնուհետեւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան խօսք առնելով Լիբանանը նկատեց սփիւռքահայութեան մշակութային մայրաքաղաքը եւ քաղաքակրթական հանդիպավայրը: Վեր. Հայտոսթեան շնորհաւորեց գիրքերու եւ տպագրութեան մարզերուն մէջ աշխատողները, «որովհետեւ անոնք յաւելեալ բարձր արժէք կու տան եւ կը նպաստեն մարդկային մտքի ու ժառանգութեան յաւելեալ հարստացման»:

Խօսքը ուղղելով հրատարակիչներուն` վեր. Հայտոսթեան վեր առաւ եւ բարձր գնահատեց անոնց տարած աշխատանքն ու գործունէութիւնը, իրենց վարած ասպարէզին ընդմէջէն: Հայկազեանի նախագահը իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ նախադասութիւններով. «Ինչպէս կան ցանողը, ջրողը, հոգացողը, եւ հնձողը, այնպէս ալ թող ողջ մնան գրողները, հրատարակիչները, շարողները, տպողները եւ բաժնողները: Վերջ ի վերջոյ, թող բաժնուի եւ բազմապատկուի այն ամէնը, որ հայուն մշակոյթը պահպանելէ եւ ծանօթացնելէ անդին, զայն նաեւ կը զարգացնէ»:

Խօսք առաւ նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ ըսաւ. «Կիւթենպերկի կողմէ տպագրութեան մեքենայի գիւտէն 60 տարի ետք հայ վանական Յակոբ Մեղապարտ 1512 թուականին հրատարակեց հայերէն առաջին գիրքը` Վենետիկի մէջ, Իտալիա: Եւ այսօր, նորահաս սերունդներու կրթութեան, զանոնք կեանքի ու ապագայի մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու պատրաստելու, մշակոյթի եւ գիտութեան նկատմամբ յանձնառու Հայկազեան համալսարանին ազնիւ նախաձեռնութեամբ, համախմբուած ենք մեծարելու հրատարակչատուներու եւ տպարաններու սեփականատէրերը: Կը մեծարենք միտքի արտադրման եւ մարդկութեան մէջ տարածման նպաստողները, որոնց գործին շնորհիւ կը ստեղծուի առողջ ընկերութիւնը, որ կը կանգնի մարդկային իրաւանց յարգումի, մշակոյթի, ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան սկզբունքներուն վրայ: Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը այս մարզին կ՛ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն, որովհետեւ կը նկատէ, որ գիրքը ամէնէն կարեւոր տարրն է մարդ անհատի ինքնութեան կերտման: Այս առիթը կ՛օգտագործեմ հրատարակչատուներու սեփականատէրերուն կոչ ուղղելու` արդիականացնելու եւ զարգացնելու իրենց աշխատանքը, պահելով հանդերձ մեր ընկերութեան մէջ արմատացած ժառանգութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը, եւ այս` մեր մեծագոյն մտաւորականներուն եւ գրողներուն մտքի արգասիքը հրատարակելու եւ տարածելու միջոցով, որովհետեւ ասոր մէջ կը կայանայ մշակոյթին, մեր սերունդին եւ յաջորդ սերունդներուն հարստութիւնը»:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ նախարար Սապունճեան մեծարանքի գիրեր բաժնեցին լիբանանահայ հրատարակչատուներու եւ տպարաններու սեփականատէրերուն եւ տնօրէններուն, հուսկ ապա ճարտարարուեստի նախարարը բացումը կատարեց հայերէն գիրքերու ցուցահանդէսի մը, որուն ընթացքին ցուցադրուած կարգ մը գիրքեր լոյս տեսած էին աւելի քան 100 տարի առաջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )