Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ընդհանուր Քարտուղարը

Երէկ` երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղատ դոկտ. Մոհամետ Սամմաքը: Յայտնենք, որ դոկտ. Սամմաք միաժամանակ Արաբական երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ է եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կողմէ հաստատուած Վիեննայի երկխօսութեան կեդրոնի գործադիր վարչութեան քարտուղարը: Վեհափառ հայրապետին հետ ունեցած իր հանդիպման նաեւ ներկայ եղաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Փիրի-Սիմոնեան:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ենթարկելու  ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութեան ներկայ հանգրուանը: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը վերաշեշտելու հրամայականը` շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ գոյակցած են: Ճիշդ է, երբեմն այդ գոյակցութիւնը զանազան պատճառներու բերումով ենթակայ դարձած է ներքին լարուածութիւններու, սակայն իբրեւ միաստուածեան կրօններ, քրիստոնէութիւն եւ իսլամութիւն հասարակաց արժէքներ ու սկզբունքներ ունին, որոնք հիմքը պէտք է ծառայեն ամուր գործակցութեան ու հասարակաց մօտեցումներու` ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ»:

Դոկտ. Սամմաք մեծապէս գնահատեց վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան ըսաւ, որ «հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առումով կրնայ կարեւոր ներդրում մը բերել այս օրերուն մանաւանդ»: Դոկտ. Մոհամետ Սամմաք ապա ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )