Փարիզի «Նոթրը Տամ» Տաճարը Այսօր Կը Նշէ Իր 850-ամեակը
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Փարիզի «Նոթրը Տամ» տաճարը պիտի նշէ իր 850-ամեայ յոբելեանը: Աստուածամօր նուիրուած աշխարհահռչակ տաճարին յոբելենական տօնակատարութիւններուն սկիզբի ազդանշանը պիտի տրուի այսօր:
Տաճարի կառուցումը սկսած է 1163-ին: Ներկայիս տարեկան շուրջ 14 միլիոն այցելու կ՛ունենայ, իսկ յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին նշուելիք ձեռնարկներուն ծիրին մէջ կ՛ակնկալուի, որ 20 միլիոն զբօսաշրջիկ եւ ուխտաւոր այցելեն Փարիզի յատկանշական վայրերէն եղող տաճարը:
Յոբելեանի ծիրին մէջ տաճարին մէջ պիտի իրականացուին քանի մը նախագիծեր, որոնց շարքին պիտի բարելաւուի տաճարի ներքին լուսաւորութիւնը եւ կառոյցը պիտի համալրուի նոր զանգերով:
CATEGORIES Միջազգային

