«Ասատի Կողմէ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Վտանգը Նահանջած Է. Թերեւս Պատգամը Հասկցաւ» Կ՛ըսէ Փանեթա

Լէոն Փանեթա

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտնեց, որ տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման վտանգի հաւանականութիւնը նահանջած է: Ան հաւանական նկատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «պատգամը հասկցաւ»: Ան զինք Քուէյթ փոխադրող օդանաւին մէջ լրագրողներու յայտնեց, որ այդ առնչութեամբ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները «իսկապէս նուազած են»` նշելով, որ «գոյութիւն չունի որեւէ բան, որ այդ ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու թշնամական քայլեր ցոյց կու տայ»:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Քայիտայի հետ կապ ունեցող Ժապհաթ Նուսրա ընդդիմադիր խմբակը ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակեց: Քայիտա եւ Ժապհաթ Նուսրա Իրաքի մէջ համագործակցած են, ապա վերջինս Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ իրականացուցած է: Ժապհաթ Նուսրա մասնաւորաբար մեղաւոր կը նկատուի Սուրիոյ պետական կառոյցներուն մէջ պայթումներ կատարելու համար:

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չէ ընդունած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այն առաջարկը, թէ Լաւրով Սուրիոյ նախագահը պէտք է համոզէ իր պաշտօնը լքելու:

Ըստ օրաթերթին, Քլինթըն վերջին հանդիպումներուն ընթացքին Լաւրովին առաջարկած է դիւանագիտական մասնակցութիւն ունենալ Ասատի պաշտօնանկութեան, ապա` նոր կառավարութեան ձեւաւորման հարցին մէջ: Ռուսիա այդպիսի կառոյցի ստեղծման կ՛աջակցի, սակայն Ասատի վրայ ճնշում գործադրելը անիմաստ կը նկատէ: Ըստ Ռուսիոյ, Ասատը համոզել պէտք է փորձեն այն երկիրները, որոնք անոր հրաժարականով աւելի շահագրգռուած են:

Միացեալ Նահանգներու կարծիքով, հիմնական պատճառը, որ Ռուսիան պէտք է դրդէ սուրիական տագնապի լուծման մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունենալու` Ասատի վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման հաւանականութիւնն է:

Էքուատորի նախագահ Ռաֆայէլ Քորէա յայտարարեց, որ իր երկրին իշխանութիւնները պատրաստ են Ասատի կամ անոր ընտանիքին ապաստան տալու հարցը քննարկելու, եթէ այդ առաջարկը ներկայացուի:

Ըստ Քորէայի, իւրաքանչիւր անձ, որ Էքուատորէն ապաստան պիտի խնդրէ, այդ երկրին մէջ պիտի ընդունուի իբրեւ մարդ մը, որուն իրաւունքները պէտք է յարգուին: Միեւնոյն ժամանակ Քորէա հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ այդ հարցը արդէն քննարկուած է Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:

«Վրեմիա»` վկայակոչելով ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները հերքած են Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսիի իշխանութենէն անջատման մասին լուրերը: «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ժիհատ Մաքտիսիին արտօնած է երեք ամիսով արձակուրդի երթալ, եւ ան երկիրը լքած է «օրինական հիմքերով», կը գրէ օրաթերթը` յղում կատարելով իր պաշտօնական աղբիւրներուն:

Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.թիւրք»-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Փաթրիոթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը թուրք-սուրիական սահմանին վրայ պիտի տեղակայուին 2013-ի առաջին օրերուն:

Կայքէջը` յղում կատարելով գերմանական աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ այսօր Գերմանիոյ դաշնակցային խորհուրդը պիտի քննարկէ «Փաթրիոթ» համակարգերու տեղակայման հարցը, սակայն, հաւանաբար խոչընդոտներ չեն ըլլար եւ համապատասխան որոշումը պիտի որդեգրուի:

Ըստ աղբիւրներուն, թուրք-սուրիական սահմանին վրայ համակարգերու տեղակայման համար Գերմանիա պիտի ծախսէ 25 միլիոն տոլար: Թրքական կողմը անոնց տեղակայման համար գումար պիտի չծախսէ:

Կ՛ենթադրուի, որ «Փաթրիոթ»-ները Թուրքիոյ մէջ պիտի մնան մինչեւ 31 յունուար 2014, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային այդ ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ «Փաթրիոթ»-ները Գերմանիայէն Թուրքիա պիտի հասնին յառաջիկայ ամսուան սկիզբը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )