Ռուսիոյ Եւ Վրաստանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Տեղի Պիտի Ունենայ 13-14 Դեկտեմբերին
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ օգոստոս 2008-ի պատերազմէն ետք Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 13-14 դեկտեմբերին` Ժընեւի մէջ:
Ռուսական կողմէն հանդիպումին պիտի մասնակցի արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին, իսկ Վրաստանէն` վարչապետի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ:
Հանդիպումը պիտի ունենայ թեքնիք բնոյթ, պիտի ճշդուին բանակցութիւններու ձեւաչափը, նիւթերը, հանդիպումներու պարբերականութիւնը:
Նախապէս արդէն հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ` եւրոպական երկրի մը մէջ:
CATEGORIES Միջազգային


