Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ մեծ պետութեան մը դեսպանը մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ըսած է, թէ ան մահափորձի պիտի ենթարկուի եւ հետեւաբար թելադրած է անոր` նախազգուշութիւններու դիմելու:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուած է եւ բանակը կը շարունակէ իր խիստ հսկողութիւնը:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ կարելի չէ Թրիփոլիի մէջ հաշտութեան մասին խօսիլ, այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը լարուած է:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Էլիասոնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի: Հանդիպումէն ետք Էլիասոն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ խորհուրդը մնայուն կերպով ցոյցեր պիտի կազմակերպէ եւ փողոցէն դուրս պիտի չգայ, մինչեւ որ կառավարութիւնը աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնէ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը տակաւին իր վերջին խօսքը չէ ըսած աշխատավարձի յաւելումներուն մասին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը տակաւին կը փորձէ ընդառաջել Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի պահանջներուն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ զինեալներու դէմ բերման գիրեր պիտի արձակուին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանը բառին բուն իմաստով պէտք է զինուորական շրջանի վերածել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի կոչ ուղղեց բոլորին ապազինուելու, ինչպէս նաեւ Թրիփոլին զինաթափ ընելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ վտանգները տակաւին առկայ են, իսկ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` անբաւարար:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ կրնայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ տարակարծութիւններու մասին յայտարարութիւն կատարել` Թուրքիոյ մէջ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի «աշխատանքներուն» պատճառով:

